Խորանի ծառայողներ Խորանի ծառայողներ 

Խորանի ծառայող 60.000 պատանիներ Հռոմի մէջ։

«Փնտռէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» բնաբանով միջազգային ուխտագնացութիւն։

Յառաջիկայ 30 յուլիսէն 3 օգոստոս 2018-ին, «Coetus Internationalis Ministrantium» միջազգային ընկերակցութեան անդամ Խորանի ծառայող 60 հազար պատանիներ՝ «Փնտռէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» բնաբանով միջազգային ուխտագնացութեամբ կը ժամանեն Հռոմ։  

Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 երկիրներէ ուխտաւորներ որոնք Սուրբ Պետրոսի շիրիմին մօտ կ՛ուզեն վերահաստատել իրենց ներկայ ու ապագայի  յանձնառումը՝ ի ծառայութիւն Յիսուս Քրիստոսի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2018, 08:50