Երանելի Ի. Արք Մալոյեան Երանելի Ի. Արք Մալոյեան 

Երանելի Ի․ԱրքՄալոյեանի յիշատակի օր

Երանելի՜ Մալոյեան, քու տառապալից կեանքիդ անթառամ պսակը հանդիսացաւ քու նահատակութիւնդ:

Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կ՝ոգեկոչէ երանելի Ի․Արք․Մալոյեանի յիշատակը:

Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան, ծնած էր 19 Ապրիլ 1869-ին Մարտինի մէջ։ Բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն թեմական դպրոցը։
1883-ին օրուան վիճակաւորը Մելքոն արք. Նազարեան նկատելով փոքրիկն Մալոյեանի մէջ բարեպաշտութեան ու քահանայական կոչումի ստոյգ նշաններ զինք Լիբանան կը ղրկէ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարանը ուր ան կը ստանայ բազմապիսի զարգացում եւ յատկապէս որդիական ջերմեռանդութիւն Ս. Կոյս Աստուածածնի հանդէպ։
1888-ին առողջական վիճակին պատճառով կը հարկադրուի վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք, կը վերադառնայ Զմմառ ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՝աւարտէ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները։ 6 Օգոստոս 1896-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի դառնալով նաեւ անդամ, Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին եւ կ՝առնէ Իգնատիոս անունը, ի սէր Անտիոքացի մեծ սուրբին, որ Քրիստոսը քարոզեց իր արեան գնով։ Ունենալով՝ ամուր դաստիարակութիւն եւ օրինակելի կեանք, կը նշանակուի հոգեւոր հայր վանաբնակ քահանաներուն եւ նորընծաներուն։
Կը պաշտօնավարէ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ. Ապա Պոլիս կը կանչուի որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան պատրիարքին, որ իրեն կը շնորհէ գերյարգելիութեան աստիճանը։ Ապա դարձեալկը ղրկուի Աղեքսանդրիա ու այնտեղ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1910 երբ մեծաւորները զինք կը ղրկեն Մարտին քաղաքը ( ուր տեղւոյն վիճակաւորը՝ Յուսիկ արք. Կիւլեան հրաժարած էր պաշտօնէն տարիքի բերումով) այնտեղ գերյ. Մալոյեան կը վարեէ Թեմին ընդհ. Գործակալի պաշտօնը։
1911 ին Հռոմի մէջ կայացած՝ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ազգային Սիւնոդոսին ինք եւս կը կանչուի վարելու Սիւնհոդոսի քարտուղարի եւ ատենապետի պաշտօնը եւ նիստերէն մէկուն ընթացքին ան կ՝ընտրուի Մարտինի Թեմի արքեպիսկոպոս 22 հոկտ. 1911 ին եւ եպիսկոպոս կ՝օծուի ձեռամբ Ամեն. Պօղոս Պետրոս ԺԳ Թերզեան Պատրիարքին։
Հռոմէն Մարտին վերադարձի ճամբուն, ան կը հանդիպի Զմմառու վանք , ուր մեծ պատիւներով կ՝ընդունուի իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ. Ու երբ իրմէ կը խնդրեն որ Վանքին Ոսկեմատեանին մէջ երկտող մը յուշագրէ, ան՝ Մալոյեան Եպիսկոպոսը, կը գրաէ. Դժբախտաբար յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ գործ կատարած եմ ... յիշելով՝ իր կատարած ծառայութիւնները իր ժողովուրդին:
«Կեանքինս ընթացքին յիշուելու արժանի բան մը չեմ կատարած: 1896-ին Սուրբ Հաղորդութեան Տօնին, քահանայ ձեռնադրուեցայ առանց արժանիքիս: Զմմառու Տիրամօր Վանքին մէջ մեկուկէս տարի մնալէ ետք, ծառայեցի Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի հասարակութիւններուն: Կանչուեցայ Կոստանդնուպոլիս, ուր աշխատեցայ որպէս խորհրդատու Պօղոս-Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան կաթողիկոսին մօտ: Այսօր ինձմէ կը խնդրուի, որ Մարտին երթամ, որպէսզի մեղքերս քաւեմ եւ ցանեմ խաղաղութիւնն ու սէրը ատելութեամբ լեցուն մարդոց սրտերուն մէջ: Թեմիս կառավարութիւնը ինծի յանձնուեցաւ: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս նախորդող շրջանը ծանօթ է վանքիս վանահայրերուն: Այս է պատմութիւնը իմ ծիծաղելի կեանքիս» :
1915 Յունիս 10-ի երեկոյեան, Մալոյեան առաջնորդը եւ 417 հոգիներ, երիտասարդ եւ ծեր, կղերական եւ աշխարհական, իրարու շղթայուած, Մարտինէն դուրս կը քշուին: Գողգոթայի ճամբու ընթացքին, զինուորները կը հեռացնեն ծեր կալանաւորները, եւ կ՛առաջնորդեն այլուր, կը մերկացնեն, կը կողոպտեն ու կը սմաննեն: Ապա կը վերադառնան ու կը խոստանան կալանաւորներու խմբակները տուն վերադարձնել, սակայն զիրենք եւս հեռու վայր մը կ՛առաջնորդեն ու կը սպաննեն: Երբ Առաջնորդը իրազեկ կը դառնայ իր հօտին դժբախտ վախճանին մասին, կ՛ըսէ Մամտուհ Պէյին. «Վստահ եմ, որ օգնականներդ յօշոտած են մեզմէ շատերը, հեռու տանելով զիրենք: Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ՛ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղել հօտիս»: Մալոյեան Գերապայծառին խնդրանքը կ՛ընդունուի: Եւ երբ Մամտուհ Պէյի զինուորները կը հեռանան, Առաջնորդը եւ հաւատացեալները կ՛աղօթեն Աստուած պաղատագին, օգնութիւն աղերսելով Անկէ, որ նահատակութեան շնորհքը ընդունին: Ապա Մալոյեան Գերապայծառը կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն:
Այս երկնային արարողութեան դէպքին ականատես զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանքը, զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ: Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները, նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ:
Մալոյեան Գերապայծառը վերադառնալով՝ ըսաւ Մամտուհ Պէյին. «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի ինչ որ կ՛ուզես»: Այնուհետեւ, ոստիկանապետը կը հրամայէ պահել Մալոյեան Գերապայծառը, եւ տանիլ մնացած մարդիկը Զարզուանի դղեակը, ուր կը մերկացնեն զիրենք ու կը սպաննեն: Նահատակներուն մարմինները կը նետեն ջրհորի մը մէջ: Մամտուհ Պէյ կրկին կը նեղէ Մալոյեան Գերապայծառը, հարցաքննելով զինք եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մէջ կարծեցեալ պահուած զէնքերու մասին, եւ փրկուելու համար, կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը անվարան կը պատասխանէ.«Կ՛անտեսես՝ ինչ որ ըսի ու հաստատեցի քեզի. ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են. եւ երբեք չեմ ուրանար հաւատքս. շտապէ՛ եւ զիս սպաննէ՛ ու հասցու՛ր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»: Մամտուհ Պէյ կը վարանի քանի մը րոպէ եւ կրկին Երան. Մալոյեանին կը հարցնէ.«Կ՛ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօնք»: Մալոյեան Գերապայծառը անվարան ու հաստատ խօսքերով կը պատասխանէ.«Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի Խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»: Այն ատեն, ջղայնացած ու զայրացած՝ վայրենի Մամտուհ Պէյ ատրճանակը կը հանէ ու կը կրակէ Մալոյեան Առաջնորդին վրայ: Սրբակեաց եպիսկոպոսը կը վիրաւորուի վիզէն ու գետին կ՛իյնայ, արտասանելով հետեւեալ խօսքերը. «Տէր, գթա՛ ինծի, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս», ու կ՛աւանդէ հոգին:
7 Հոկտեմբեր 2001-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսին երանացման արարողութիւնը,որ տեղի ունեցաւ ՜՜Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով՝՝ անիկա ամենաթանկագին նուէրն էր քրիստոսի եկեղեցւոյ իր հաւատացեալներուն, երջ. ՅՊԲ քահանայապետին միջոցաւ։
Տպաւորիչ էր երանացման արարողութիւնը, այդ օրը անգամ մը եւս Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը խմբուած հաւատացեալները ու նաեւ ամբողջ աշխարհը (հեռուստատեսիլի ու ձայնասփիւռի միջոցաւ) լսեց անգամ մը եւս ՅՊԲ Հռոմի Պապը որ կ՝օրհնէր հայ ազգը նշելով անոր ամուր հաւատքն ու սէրը հանդէպ քրիստոսի։
Հայ ազգը եղաւ առաջինը որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք, նամանաւանդ իր արեան գնով պահպանեց Քրիստոսի հաւատքը, թող անոնց մարտիրոսութիւնը ըլլայ հաւատքի օրինակ բոլոր քրիստոնեաներուն։
- Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ.
Անոր երանացումի օրուընէն՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանւթիւնը չդադրեցաւ երանելիին ինչպէս նաեւ նահատակ միւս միաբան վարդապետներուն նուիրուած յուշակոթողներ կանգնելէ: Վանքին մէջ Երանելիին թանգարանը կայ, ուր ցուցադրուած են Մարտին քաղաքէն բերուած անոր շուրջառները, գրասենեկային իրերը, նամակները, եւլն: 1990-ին, «Նահատակաց Դահլիճ» մը նուիրուեցաւ միաբան եպիսկոպոսներուն և վարդապետներուն, ուր պատէն կախուած են անոնց նկարները գեղեցիկ շրջանակի մէջ առնուած, իսկ կեդրոնը՝ Երան. Մալոյեանի իւղանկարը: Մինչ 7 Հոկտեմբեր 2001-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը նահատակ Մալոյեանը երանելի կը հռչակէր, վանքիս մայր եկեղեցիին մէջ բացումը կը կատարուէր անոր նուիրուած փոքրիկ խորանին, ուր պահուած է անոր ձեռաց խաչը, բերուած՝ Մարտին քաղաքէն: 11/10/2003-ին, վանքի մուտքին նոր յուշակոթող մը կանգնուեցաւ Երան. Մալոյեանի կիսանդրիով և 14 նահատակ միաբաններու փորագրուած անուններով, որպէս վկայարան քաջարի նահատակ միաբաններուն:
Երան. Մալոյեանի կեանքին ու նահատակութեան նուիրուած բազմաթիւ հատորներ լոյս տեսան, ինչպէս՝ «Իգնատիոս Մալոյեան մարդը և Նահատակը» Զմմառ 2001, հայերէն, արաբերէն և ֆրանսերէն: Հատորը քաղուած է յատկապէս՝ Հիասենթ Սիմոնի՝ Երան. Մալոյեանի ժամանակակից միսիոնար առաքեալի «Մարտինը Հերոսական Քաղաք» գիրքէն, ինչպէս նաեւ նոյն հեղինակին ձեռագիր փաստաթուղթերէն Մալոյեանի մասին, որոնք պահուած էին Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին դիւանին մէջ եւ 2001-ին լոյս տեսան անոր Երանացման պատրաստութեան ընթացքին մեծապէս ծառայելով երանացման դատին: Նմանապէս օգտագործուած են Արհի. Մեսրոպ եպս. Թերզեանի կողմէ պատրաստուած թանկագին թղթածրարները, և Քափուչին Հ. Սելիմ Ռըզքալլայի պրպտումներն և այլ բազմաթիւ վկայաթուղթերը: Լոյս տեսաւ նաեւ Իննօրեայ փոքրիկ Աղօթագիրք մը, նուիրուած՝ Երան. Մալոյեանին, հայերէն և արաբերէն:[2]
Աղօթք Երանելի Մալոյեանին
Երանելի՜ Մալոյեան, քու տառապալից կեանքիդ անթառամ պսակը հանդիսացաւ քու նահատակութիւնդ, որ քեզի հանդէպ Աստուածային Սիրոյն մեծագոյն փաստն եղաւ:
Բայց նաեւ, քու մարտիրոսութիւնդ դարձաւ գերազանց ապացոյցը քու սիրոյդ ու հաւատարմութեանդ նկատմամբ մեր Տիրոջ եւ Սիրոյն:
Դուն կրեցիր ամէն տեսակ չարչարանք եւ յանձն առիր տաժանելի մահը, բայց չուզեցիր ուրանալ Քրիստոսը՝ գերագոյն Իմաստը քու ամբողջ կեանքիդ:
Նախ՝ սրտանց կ՛աղաչեմ, ինծի ալ սորվեցո՛ւր սիրել իմ Փրկիչս ու հաւատարիմ մնալ իմ Կրօնիս, որպէսզի երկուքիդ չդաւաճանեմ ոչ մէկ նեղութեան մէջ եւ ոչ մէկ սպառնալիքին առջեւ:
Երկրորդ՝ սրտանց կ՛աղաչեմ, որ լսես իմ հաւատաբորբ աղօթքս եւ կատարես վստահաջերմ խնդրանքն այս իննօրեայիս, քանի զայն կը սպասեմ այնքան դրական ակնկալութեամբ. Ամէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2018, 13:44