Կարդինալ Սանտրիի ներկայութեամբ 170ամեակի կարկանդակի բեկանումը Կարդինալ Սանտրիի ներկայութեամբ 170ամեակի կարկանդակի բեկանումը 

Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի զրոյցը՝ անցեալի յուշերով ապագայի հեռանկարով։

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը հիմնադրուած է Անտոն Հասունեան հայազգի առաջին Ծիրանաւորի կողմէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 5 յունիս 2018-ին,  Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը կը տօնախմբէ իր գործունէութեան սկիզբի 175 ամեակը։

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը հիմնադրուած է Անտոն Հասունեան հայազգի առաջին  Ծիրանաւորի կողմէ, մինչ անոր գործունէութեան սկիզբի դերակատարը եղած է Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանը, որ 5 յունիս 1843-ին, 175 տարի առաջ, Պոլսոյ խեղճուկ տնակի մը մէջ, ապաստան տուած է 12 աղքատ աղջնակներու հոգալով անոնց հայեցի և հոգեւոր դաստիարակութիւնը։

Այս պատմական յոբելեանին առթիւ Միաբանութեան Մեծաւորուհի՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան «Վատիկան Նիուզ»ի գործակալութեան հայկական բաժնի  հետ ունեցած  զրոյցի մը ընթացքին հակիրճ կերպով անդրադարձաւ միաբանութեան պատմականին, սկսեալ  անոր առաջին քայլերէն, անցնելով ցեղասպանութեան տխուր եւ ողբերգական փորձառութենէն, հասնելով ապա ազատ եւ անկախ հայրենիք՝ Հայաստան։

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2018, 09:50