Չմմառու Վանք Չմմառու Վանք 

Զմմառու վանքի մէջ Ս. Աստուածածնի նուիրուած աւանդական Ուխտի Օրը:

Ուխտը յատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեն հայուն կեանքը ուխտաւորի կեանք մը եղած է, նուիրուած Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ և Հայրենիքին:

Աւանդական այս ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասը, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս – Պատրիարքի, Եպիսկոպոսական դասը, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդը, ներկայ և նախկին հայ երեսփոխաններ, պետական պատասխանատուներ և բազմաթիւ հայ ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպ և Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտներ և ՀԿՄ շեփորախումբը:


Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Ամենապատիւ և Գերեջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Մաէսթրօ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի: Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին «Երանելի Մալոյեան» և «Ս. Միքայէլ» դպրեվանքի մեծ ու փոքր նորընծաները:


Հոգեւոր Տէրը հայրապետական պատգամին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը և Անոր ունեցած առնչութիւնը Աստուածամօր հետ: «Երկար ժամանակէ ի վեր, Զմմառու վանքի ուխտի օրը արժանավայել կերպով կը նշենք: Օր մը՝ որ մեր բոլորիս սրտերուն կը խօսի, և իւրաքանչիւրիս համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: Օր մը՝ որ ջերմեռանդութեամբ կը սպասենք, որպէսզի մեր յարգանքի տուրքը մատուցանենք Զմմառու դարաւոր վանքի Ցաւագին Տիրամօր: Ուխտը յատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեն հայուն կեանքը ուխտաւորի կեանք մը եղած է, նուիրուած Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ և Հայրենիքին:


Արդարեւ Մարիամ Ս. Կոյսը այնքան սրբակեաց էր, որ Աստուած հաճեցաւ որ Ս. Հոգւոյն ազդեցութեամբ յղանայ Աստուածորդին: Մարիամ խոնարհ աղախինը հանդիսացաւ Տիրոջ և այս խոնարհութեամբ ու հոգիին ու սրտին վեհութեամբ արժանացաւ Աստուծոյ հաճութեան:

Դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին փառաբանեց Մարիամը որպէս Աստուածամայր և բազմաթիւ տաղեր նուիրուեցան անոր, որպէս Թագուհի երկրի և երկնքի, Կոյս անապական, Մայր Եկեղեցւոյ և Տաճար լուսոյ: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ. «Աղօթք բարձրացնենք Տիրամօր որ բարեխօսէ՛ Տիրոջ մեզի համար, որպէսզի իր հովանին անպակաս ըլլայ Լիբանանի, Մայր Հայրենիքին և մեր վրայէն»:


Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրն ու Վարչութիւնը շնորհաւորանքները ընդունեցան, որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը հայրական օրհնութիւը տուաւ ներկայ ուխտաւորներուն:


Կէսօրին՝ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, միաբանական ագապի տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ՝ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ կատարուեցան:
Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, վարդարանի աղօթք կատարուեցաւ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 12:41