Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սուրբ Յովհաննէս Իգ սրբադասման արարողութիւնը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սուրբ Յովհաննէս Իգ սրբադասման արարողութիւնը 

Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան չորրորդ տարեդարձը։

2014-ի ապրիլ 27-ին, Աստուածային Ողորմութեան կիրակի օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Խորաններու պատուոյն կը բարձրացնէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 ապրիլ 2014-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ու աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 500 հազար հաւատացեալներ։

Սրբազան Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած էր թէ երկու քահանայապետերը քաջութիւնը ունեցած են նայելու Յիսուսին վէրքերուն, դպչելու Անոր վիրաւոր ձեռքերուն ու խոցուած կողին», զայն ճանչնալով նաեւ եղբայրներու մարմնին մէջ։ [ Video Embed: Սուրբ Քահանայապետերը]

«Անոնք եղան արի մարդիկ որոնք Եկեղեցւոյ ու Աշխարհին վկայեցին Աստուծոյ բարութիւնը ու Անոր ողորմութիւնը» հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս Յովհաննէս ԻԳ Վատիկանեան Բ Տիեզերական հաւաքը գումարելով, թոյլ տուաւ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն ու Եկեղեցւոյ համար եղաւ հովիւ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած առաջնորդ, մինչ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ «Ընտանիքի Քահանայապետ» հաստատած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2018, 12:58