Որոնել

Սլովաքիոյ վարչապետը մահափորձի ենթարկուեցաւ Սլովաքիոյ վարչապետը մահափորձի ենթարկուեցաւ  (ANSA)

Սլովաքիոյ վարչապետը մահափորձի ենթարկուեցաւ

Վարչապետին ուղղութեամբ չորս կրակոց արձակուած է, անոնցմէ ոմանք` որովայնին: Վարչապետի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Երէկ զինուած յարձակման ենթարկուած է Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն, այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղական լրատուամիջոցները:

Կը հաղորդուի, որ զինուած միջադէպը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայէն դուրս, երբ Ֆիցոն դուրս կու գար շէնքէն, ուր կառավարութիւնը արտակարգ նիստ կը գումարէր:

Վարչապետին ուղղութեամբ չորս կրակոց արձակուած է, անոնցմէ ոմանք` որովայնին: Վարչապետի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Կրակոցներ արձակողը ձերբակալուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2024, 08:20