Որոնել

Վրաստանի մէջ ցոյցեր Վրաստանի մէջ ցոյցեր  (AFP or licensors)

Վրաստանի մէջ ցուցարարները փորձած են կոտրել խորհրդարանի դարպասներ

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի քննարկումը: Վրացական ընդդիմութիւնը նախագիծը կոչած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին ռուսական օրէնքի համարժէքը»: Խորհրդարանը 1 մայիսին 83 թեր եւ 23 դէմ քուէներով երկրորդ ընթերցումով ընդունած էր օրինագիծը:

Վրաստանի մէջ ցուցարարները փորձած են կոտրել խորհրդարանի ծառայողական մուտքի դարպասները, որմէ ետք ոստիկանութիւնը անոնց դէմ կիրարկած է ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզճորճիա» կայքը` յղում կատարելով Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:

Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ այսպէս կոչուած «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնք»-ին դէմ բողոքի ցոյցի ութ մասնակից վիրաւորուած է եւ հիւանդանոցի մէջ դարմանուած:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի աջակցութիւն յայտնած է Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցերուն` միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղելով չհաւաքուիլ Վրաստանի խորհրդարանի դարպասներուն մօտ եւ ատով իսկ չսադրել ոստիկանութեան:

«Կան բաներ, որոնք դուք պէտք չէ ընէք, հանգիստ ձգեցէ՛ք խորհրդարանի դարպասները: Հանգիստ ձգեցէ՛ք այս դարպասը, այնտեղ ոչինչ կ՛ըլլայ: Այդ օրէնքը այնտեղ արդէն երկրորդ ընթերցումով որդեգրուած է, եւ մեր պայքարը կ՛երթայ դէպի ընտրութիւններ, դէպի բոլոր այն օրէնքները, որոնք վերջերս որդեգրուած են այս իշխանութիւններուն կողմէ եւ մեզ կը հեռացնեն եւրոպական ուղիէն», ըսած է Զուրապիշվիլիի ուղերձին մէջ:

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի քննարկումը: Վրացական ընդդիմութիւնը նախագիծը կոչած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին ռուսական օրէնքի համարժէքը»: Խորհրդարանը 1 մայիսին 83 թեր եւ 23 դէմ քուէներով երկրորդ ընթերցումով ընդունած էր օրինագիծը:

ԹԱՍՍ եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ ցուցարարները պատռած են Ռուսիոյ դրօշը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 08:34