Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին Սլովաքիոյ վարչապետի դէմ յարձակումը մտահոգիչ է, կարծես արդեն սահմաններ չկան

Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Հռոմի Իտալիոյ դեսպանատան մէջ կայացած Ucid երիտասարդական տնտեսական գիտաժողովին շրջանակին մեկնաբանեց Հանտլովայի մէջ վարչապետի դէմ կատարուած յարձակումը. «Այս ամէնը կը հանգեցնէ բռնութեան աճին»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին մտահոգութեամբ մեկնաբանեց Սլովաքիոյ մէջ վարչապետին դէմ կատարուած յարձակումը։ «Մենք իսկապէս անհանգստացած ենք այն ամէնով ինչ, որ տեղի կ՝ունենայ, կարծես, թէ այլեւս սահման չկայ» ըսաւ ծիրանաւորը, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ կայացած «ձեռնարկուներուն Քրիստոնէական կառավարիչներու միութիւն» կազմակերպութեան երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած տնտեսական վեհաժողովին շրջանակէն ներս, աւելցնելով, «Իրոք այս ամէնը կը հանգեցնէ բռնութեան աճին, յարաբերութիւնները միշտ աւելի բուռն են եւ աւելի քիչ յոյս կայ խաղաղ խաղաղութիւն՝ կառուցելու համար։»

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակին ըսելով, « նաեւ հոն մեծ խնդիրը՝ բանակցութիւններուն համար տարածքներ գտնելն է, որոնք այս պահուն տեսանելի չեն, ընդհակառակը կը թուի, որ կամքը՝ պատերազմը շարունակելն է», ըսաւ ծիրանաւորը, ան ապա ակնարկելով յառաջիկայ 15էն 15 յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ գումարուելիք խաղաղութեան համաժողովին յայտարարեց, որ Սուրբ Աթոռը ներկայ պիտի գտնուի ու տակաւին որոշուած չէ ով պիտի մասնակցի ժողովին, «սակայն ինչպէս նախորդ հանդիպումներուն մէկ ներկայ պիտի գտնուինք, անվտանգութեան խորհրդականներու մակարդակով։ Բայց մենք դիտորդներ ենք եւ առաջին հերթին կեդրոնացած ենք խաղաղութեան այս ծրագիրին մարդասիրական երեւոյթներուն վրայ», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Երկխօսութիւն գերիներու փոխանակման շուրջ

Ինչ կը վերաբերի Ուքրանացի եւ Ռուս բանտարկեալներու փոխանակումին, նախաձեռնութիւն մը որ մաղթած է Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ 12 մայիսին Հրեշտակ տեառն աղօթքի խորհրդածութեան ժամանակ, կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ, «տեղի ունեցած են ցուցակներու փոխանակում», սակայն «չեմ գիտեր եթէ անոնք կը համապատասխանեն շօշափելի գործողութիւններուն։ Կը կարծեմ այո, գուցէ բաւականին դանդաղ։ Սակայն գերիներու մակարդակով այս երկխօսութիւնը կայ»։

Երիտասարդներու մղումը դէպի այլ տնտեսութիւն

Ի վերջոյ անդրադառնալով «Ucid» կազմակերպութեան երիտասարդաց շարժումին մղումին՝ ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապին առաջադրած ցուցմունքներն ու մարտահրաւէրները, կարդինալ Փարոլին նշեց. «սա դրական նշան է, այն բազմաթիւ բացասական բաներուն շարքին, որուն ականատես կ՝ըլլանք. Կայ մէկ մը որ կ՝ուզէ այլ հետք տալ, ներառական տնտեսութիւն, որուն կեդրոնն են մարդը, անոր արժանապատուութիւնն, իրաւունքները, ուր տնտեսութիւնը կը ծառայէ բոլորին աճին բոլոր դասակարգերուն վրայ», ըսաւ Պետքարտուղարը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2024, 09:23