Որոնել

2024.05.16 Preghiera ok

Սուրբ Աթոռը Նոր կանոններ հրատարակեց ենթադրեալ գերբնական երեւոյթներուն վերաբերեալ

Արտօնութիւնէն մինչև բացասական դատողութիւն. կան զատորոշումի 6 տարբեր վճիռներ, որ պարունակուած են Քահանայապետին կողմէն հաստատուած Հաւատքի Վարդապետութեան փաստաթղթին մէջ, հայող ենթադրեալ գերբնական երեւոյթներուն
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Թարմացած կը համարուին կանոնները` հայող ենթադրեալ գերբնական երեւոյթներուն. Այս կը հաստատէ յառաջիկայ 19 Մայիս 2024ի ուժի մէջ մտնող Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած նոր փաստաթուղթը։ Կարելի պիտի ըլլան աւելի արագ վճիռներ, յարգելով ժողովրդական ջերմեռանդութիւնը եւ որպէս կանոն, Եկեղեցական իշխանութիւնն այլևս պիտի չի ներգրաւուի երևոյթի մը գերբնականութիւնը պաշտօնապէս սահմանելուն մէջ, որ կարող է երկար ժամանակ պահանջել խոր ուսումնասիրութեան համար:

Միւս նորութիւնը ներկայացուած է Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան աւելի յստակ ներգրաւուածութեամբ, որուն պիտի իյնայ հաստատել եպիսկոպոսի վերջնական որոշումը և իրաւունք ունի որեւէ ժամանակին միջամտելու ինքնագիր նամակով։

Նոր կանոններուն պատճառները

Փաստաթուղթը հրատարակելու հիմքին մէջ կայ անցեալ դարի երկարամեայ փորձը՝ երբ որոշ դէպքերու պարագային տեղւոյն եպիսկոպոսը շատ արագ յայտարարեց այդ երեւոյթներու գերբնականութիւնը, ապա «Սուրբ Գրասենեակը» այլ կերպով արտայայտուեցաւ այդ մասին եւ կամ դէպքեր, երբ եպիսկոպոս մը որոշ ձեւով արտայայտուեցաւ բայց անոր յաջորդը՝ նոյն երեւոյթը մեկնաբանեց հակառակ կերպով։

Այնուհետև կան նաեւ այն երկար ժամանակները, որոնք անհրաժեշտ են գնահատելու բոլոր տարրերը գերբնականութեան կամ ոչ գերբնականութեան վերաբերեալ որոշում մը կայացնելու։ Ժամանակներ, որոնք երբեմն կը հակասեն հովուական պատասխաններ տալու հրատապութեան, ի բարօրութիւն հաւատացեալներուն։

Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատսեչութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը, փաստաթուղթը ներկայացնելով կը բացատրէ, որ «շատ անգամ այս երեւոյթները հրահրեցին հոգեւոր պտուղներու մեծ հարստութիւն, հաւատքի, բարեպաշտութեան, եղբայրութեան ու ծառայութեան մէջ աճ, եւ որոշ պարագաներուն, սկիզբը հանդիսացան աշխարհի մէջ տարածուած տարբեր սրբավայրերու, որոնք մինչեւ օրս մաս կը կազմեն ժողովրդական ջերմեռանդական պաշտամունքին։ Կայ սակայն նաեւ կարելիութիւնը որ «որոշ ենթադրեալ գերբնական երեւոյթներու պարագաներ» ունենան «հաւատացեալներուն ի վնաս լուրջ հարցեր», դէպքեր, որոնց միջոցաւ ձեռք կը բերուի «շահոյթը, իշխանութիւնը, համբաւը, ընկերային համբաւը, անձնական շահը», ընդհուպ մինչև «մարդոց վրայ իշխանութիւն բանեցնել եւ կամ չարաշահումներ գործել»։

Կան ապա պարագաներ ուր հաւատացեալները կը ներգրաւուին երեւոյթի մը մէջ որ կը վերագրուի աստուածային նախաձեռնութեան բայց իրականին մէջ պտուղ է երեւակայութեան, ստապատում դէպքեր պատմելու ախտագին ձգտումին եւ մէկ մը կեղծելու հակուածութեան։

Ենթադրեալ երեւոյթի 6 հնարաւոր վճիռներու կէտերը

«Նախատեսուած չէ եկեղեցական իշխանութեան կողմէ ենթադրեալ գերբնական երևոյթներու աստուածային ծագման մասին դրական ճանաչում» (I, 11): Հետևաբար, որպէս կանոն, «ոչ թեմական եպիսկոպոսը, ոչ եպիսկոպոսական ժողովները և ոչ ալ Վերատեսչութեան կ՛իյնայ յայտարարել երևոյթներուն գերբնական ծագումը և միայն Սրբազան Քահանայապետը կարող է այդ իմաստով գործընթացք մը արտօնել» (I, 23)։

Զատորոշումէն ետք ձայներու վեց կարելիութիւնները

Nihil Obstat: Գերբնական իսկութեան վերաբերեալ ոչ մի վստահութիւն կ՛ արտայայտուի, բայց կը ճանչցուին Սուրբ Հոգիի գործողութեան նշանները:

Prae oculis habeatur: Կը ճանչցուին դրական նշաններ, սակայն կան նաև շփոթութեան կամ վտանգի տարրեր, որոնք կը պահանջեն խորաթափանցութիւն և երկխօսութիւն հասցէատէրերուն հետ։

Curatur: Առկայ են վտանգաւոր տարրեր, սակայն առկայ է երևոյթի լայն տարածում` ստուգելի հոգևոր պտուղներով: Խորհուրդ չի տրուիր հաւատացեալները անհանգստացնող արգելքներ առաջարկել, բայց Եպիսկոպոսը հրաւիրուած է չքաջալերելու այդ երեւոյթը:

Sub mandato: Վտանգաւոր ու քննադատական հարցերը կապուած են ոչ թէ բուն երևոյթի, այլ մարդկանց կամ խումբերու կողմէ ոչ պատշաճ օգտագործման հետ: Սուրբ Աթոռը տեղական հովուական ղեկավարութիւնը կը վստահի եպիսկոպոսին կամ պատուիրակի մը։

Prohibetur et obstruatur: Հակառակ որոշ դրական տարրերուն, քննադատելի եւ վտանգաւոր հարցերը լուրջ են։ Վերատեսչութիւնը եպիսկոպոսէն կը խնդրէ հրապարակայնօրէն յայտարարել, որ անդամակցութիւնը անթոյլատրելի է:

Declaratio de non supernaturalitate. Եպիսկոպոսը լիազօրուած է յայտարարելու, որ երեւոյթը գերբնական չէ՝ հիմնուելով գործնական ու շօշափելի ապացոյցներու վրայ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2024, 12:00