Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն. եղէք խաղաղութեան նշան պատերազմներով բնորոշուած աշխարհի մէջ եւ գացէք հոսանքի դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ երկխօսութիւն կը կատարէ պատանիներուն հետ պատասխանելով անոնց հարցումներուն՝ կեանքին մէջ ինչպէս գործելու վերաբերեալ՝ որպէս քրիստոնեայ հանգիստ զգալու համար եւ ինչպէս բարի առաքեալներ ըլլալ աշխարհի մէջ, որ բնորոշուած է պատերազմներով ինչպէս Սուրբ Երկրի, Ուրքանիյ եւ Միանմարի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 մայիսին, Վերոնա քաղաքի մայր տաճարի մէջ կղերական դասի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, տաճարի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ ու անոնց հետ ունեցած հանդիպում զրոյցի ընթացքին կը պատասխանէ պատանիներու հարցումներուն, որոնց մէջ կ՝անդրադառնայ Յիսուսի կոչին հետեւելու կարեւորութեան, խաղաղութեան նշաններ դառնալու պատերազմներով բնորոշուած աշխարհի մէջ՝ ինչպէս Ուքրանիան, Սուբր Երկիրը, Միանմարը եւ քաջութիւնը ունենալ հոսանքի դէմ երթալու հաւատքը պահպանելու համար։

Զգալ Յիսուսի կոչը

Նորին Սրբութիւնը պատասխանելով մանուկի մը հարցումին, թէ ինչպէս հասարակ մանուկ մը կրնայ Յիսուսի կոչը զգալ, նշեց որ հետեւելիք ուղին առաքեալներուն միեւնոյն ուղին է, որ «կատարեալ չէին, հասարակ մարդիկ էին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնացաւ լաւ զգալու իմաստին վրայ, սկսելով այն օրինակէն, թէ ինչքան գեղեցիկ է զգալ ընտանիքի, մօր, հօր եւ մեծ հայրիկներու եւ մայրիկներու սէրը եւ ինչքան գեղեցիկ է լաւ գործ կատարելը։

Ֆրանչիսկոս պապ նկատել տուաւ,  երբ Յիսուս մեր կը հետ կը խօսի՝ մեզի լաւ զգալ կու տայ, ոչ թէ այնպէս ինչպէս մէկ մը որ չարիք կ՝ընէ կամ ալ երբ սատանան կու գայ բան մը ըսելու։

Դառնալ աշխարհի մէջ խաղաղութեան նշան

Երկրորդ հարցումին պատասխանելով ֆրանչիսկոս Պապ զգաց մանուկներու փափաքը՝ ըլլալու Յիսուսի առաքեալներուն նման «աշխարհի մէջ խաղաղութեան նշան», աշխարհը մը,  որ բնորոշուած է շատ մը պատերազմներով, «ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ, Ափրիկէի, Մինամարի մէջ բացատրեց թէ նման Յիսուսի, որ խաղաղութիւն կը քարոզէ եւ առաքեալները ամբողջ աշխարհ կ՝առաքէ քարոզելու համար, մանուկները եւս կրնան առաքեալներ դառնալ, քարոզելով բարին կիսել։

Հոսանքի դէմ երթալ հաւատքը պահպանելու համար

ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով, թէ ինչպէս կրնանք հաւատքը պահպանել խաւար, դժուար պահերու մէջ, օրինակի համար ինչպէս կարելի է հաւատքը պահպանել մեզի շատ սիրելի անձի՝ մեծ հայրիկի, մայրիկի, հօրեղբօր կամ ալ երբեմն հօր եւ մօր մահուան դիմաց մատնանշեց, որ հոսանքի դէմ ընտրութիւններն են, որ մեզի թոյլ կու տան հաւատքը պահպանելու ու անոնք կը ծառայեն վատ բաներ կատարելու խուսափելուն, կատարելու այնպիսի բաներ, որոնք ուրիշ չեն կատարեր։

Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկո Պապ հրաւիրեց մանուկները, պատաննհերը տէրունական «Հայր մեր» աղօթքը արտասանելու եւ լռութեան մէջ առաքելական օրհնութիւնը ստանալու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 11:45