Որոնել

Գետնադամբանի օր Գետնադամբանի օր  (Pontificia Commissione di Archeologia Sacra)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յոբելեանի ժամանակ գետնադամբանները այցելելը կ՝ամրապնդէ հաւատքն ու յոյսը

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ խօսքը կեդրոնացուց լիագումար նիստի ընթացքին քննարկուած յոբելեանի կապուած նիւթին վրայ, նշելով որ այդ մեծ իրադարձութեան ժամանակ, քրիստոնէական գետնադամբանները ամենէն կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 17 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հոգեւոր հնագիտութեան Քահանայապետական յանձնաժողովի լիագումար նիստի մասնակիցները, որոնց ընկերացած էր մշակոյթի քահանայապետական վերատեսչութեան նախկին վերատեսու,չ կարդինալ Ռավազին, զոր վերատեսչութիւնը վարած է 2007-էն մինչեւ 2022 տարեշրջանին։

Արտասանած պատգամի մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց քրիստոնէական հնագիտութեան ուսանողները ու գիտնականները ներգրաւելու՝ վերատեսչութեան յանձնառութիւնը՝ պահպանելու համար Իտալիոյ քրիստոնէական գետնադամբաններու պաշտպանութեան, վերականգման եւ արժեւորումի բարձր որակը։

Քրիստոնէական գետնադամբանները բնականաբար կը դառնան ամենէն կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկելով լիագումար նիստի քննարկուած թեմաներուն, կեդրոնացաւ Յոբելինական տարուան նիւթին վրայ նշելով, որ «այդ մեծ իրադարձութեան ժամանակ, քրիստոնէական գետնադամբանները բնականաբար կը դառնան ամենէն կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը... ուր կը գտնուին վաղ քրիստոնէական ուխտագնացութեան բազմաթիւ նշաններ, ուր կը յայտնաբերենք ամենահին քրիստոնէական խորհրդանիշեր ու պատկերներ, որոնք կը վկայեն քրիստոնէական յոյսի մասին» ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ գետնադամբաններու մէջ ամէն ինչ կը խօսի յոյսի մասին, մահէն անդին կեանքի մասին, կեանքի յոյսի մասին»։

Գետնադամբաններու ուխտագնացութիւնը

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ, որ գետնադամբաններու ուխտագնացութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ բոլորս ուխտաւորներ ենք ուղեւորութեան մէջ դէպի նպատակ՝ Աստուծոյ հետ հանդիպումը, որ Յարութիւն առաւ Քրիստոսին մէջ ու մեզ կը կանչէ կիսելու իր երանութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական յոյսը ամենէն առաջ կը վկայեն նահատակները, որոնց յիշողութիւնները կը սփռեն գետնադամբաններուն արահետները ու նահատակներու դամբարաններուն առջեւ կանգնիլը մեզ համեմատել կու տայ այդ քրիստոնեաներուն խիզախ օրինակին հետ, որ միշտ արդիական է ու մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու բազմաթիւ եղբայրներու համար, որոնք հալածուած են Քրիստոսի հանդէպ իրենց հաւատքին համար։»

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց մատուցած ծառայութեան համար նշելով, որ անոնց ծառայութիւնը յիշատակի եւ ապագայի ծառայութիւն է՝ արմատներուն եւ աւետարանութեան, որովհետեւ գետնադամբաններուն պատգամը կը խօսի բոլորին հետ, ուխտաւորներուն հետ ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց հետ, որոնք հեռու են հաւատքի փորձառութենէն։

Յանձնելով Աստուածամօր, մարտիրոսներուն թագուհիին հովանիին, նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով, ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2024, 09:46