Որոնել

Վերոնայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը բանտարկեալներուն հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վերոնա քաղաքի բանտի ղեկավարներուն, աշխատաւորներուն, կամաւորներուն եւ բանտարկեալներուն հետ։ Արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը ապահովուեց ու վերանորոցեց իր կոչը աշխատելու բանտի կեանքը բարելաւելու ուղղութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 մայիսին, Վերոնա քաղաք կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վերոնա քաղաքի բանտի ղեկավարներուն, ոստիկաններուն, կամաւորներուն եւ բանտարկեաքներուն հետ ու Անոնց ուղղած սիրտին խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բանտի տնօրէնին եւ բոլոր ներկաներուն ջերմ, ուրախալի եւ սիրով լեցուն ընդունելութեան համար։ Ողջունեց  բանտի մէջ բոլոր աշխատաւորները, պահակները, դաստիարակիչները, առողջապահական անձնակազմը, վարչական եւ կամաւորական անձնակազմը, նշելով որ ինք շատ ուզած է հանդիպիլ բոլորին հետ միասին։

Նորին Սրբութիւն նշեց, որ իրեն համար բանտ այցելելը միշտ եղած է կարեւոր պահ մը, որովհետեւ բանտը մեծ մարդասիրութեան վայր է։ «Փորձուած մարդկութիւն, երբեմն յոգնած դժուարութիւններէն, խիղճի խայթէն, դատապարտումներէն, անհասկացողութիւններէն, տառապանքներէն , սակայն միեւնոյն ժամանակ լի ուժով, ներումի փափաքով, փրկագինի ցանկութեամբ»,ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, «Որ այս մարդկութեան մէջ ուր բոլորս կը գտնուինք, այսօր ներկայ է Յիսուսի դիմագիծը, ողորմութեան եւ ներումի Աստուծոյ դիմագիծը»։

Ակնարկելով բանտերու մէջ տիրող դժուար իրադարձութիւններուն Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ինք մօտիկ է բոլորին եւ իր կոչը կը վերանորոգէ յատկապէս անոնց, որոնք կը գործեն այդ շրջանակէն ներս, որպէսզի շարունակեն աշխատիլ բանտի կեանքը բարելաւելու ուղղութեամբ։

Նորին Սրբութիւն ապա յայտնեց, որ հետեւելով յիշեալ բանտի լուրերուն վերջերս տեղեկացած է, որ դժբախտաբար կարգ մը անձեր հրաժարած են իրենց կեանքէն, «Սա սարսափելի արարք է, որ կարող է յանգեցնել միայն անտանելի յուսահատութեան եւ ցաւի։ Կեանքը միշտ կ՝արժէ ապրիլ եւ միշտ յոյս կայ ապագային համար, նոյնիսկ եթէ կը թուի, թէ ամէն ինչ կը մարի։ Մեր եւ իւրաքանչիւրիս գոյութիւնը կարեւոր է, եզակի պարգեւ մըն է մեզի եւ ուրիշներուն համար յատկապէս Աստուծոյ համար, որ երեք չլքեր, ընդհակառակը գիտէ ունկնդրել, ուրախանալ եւ լալ մեր հետը։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ,  ոէ ունենալով Յիսուսը մեր կողքին կրնանք յաղթել յուսահատութեան,եւ ամէն մէկ պահ ապրիլ իբրեւ նորէն սկսելու ճիշդ ժամանակ։ Յորդորեց, որ ամենավատ պահերուն չփակուիլ մեր մէջ, Աստուծոյ խօսինք մեր դժուարութիւններուն մասին եւ իրար զիրար օգնենք Աստուած տանելու մեր ճանապարհի ուղեկիցներուն մէջ եւ մեր կողքին գտնուած մարդկանց հետ։

«Օգնութիւնը խնդրելը թուլութիւն չէ ու այդ կատարենք հեզութեամբ եւ վստահութեամբ, բոլոս կարիքը ունինք մէկը միւսին, բոլորս յուսալու իրաւունք ունինք, ամէն պատմութենէն եւ ամէն սխալէ եւ ձախողութենէն անդին», ըսաւ Սրբազան հայր աւելցնելով, թէ մի քանի ամիսներ ետք, պիտի սկսի Սուրբ Տարին, «ապաշխարութեան, վերանորոգումի եւ ազատութեան տարին բոլոր եկեղեցւոյ համար»։ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար, քաջալերեց միասնաբար քալելու, որովհետեւ սէրը կը միաւորէ, ամեն տեսակ հեռաւորութենէն անդին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նուէր մը փոխանցեց բանտի տնօրէնին

Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ բանտին տնօրէնին փոխանցեց նուէր մը ըսելով «Այս նուէրը... մտածեցի Աստուծոյ ունեցած առաքինութեան մը մասին եւ մենք չենք մոռնար։ Որովհետեւ Աստուած ունի երեք հիմնական առաքինութիւններ. Մօտիկութիւն, կարեկցութիւնը եւ քնքշութիւնը։ Ատուած մօտիկ է բոլորիս, Աստուած կարեկից է եւ անուշ։ Մտածեցի քնքշութեան մասին, շատ չի խօսուիր քնքշութեան մասին, մտածեցի այս պարգեւին մասին։ Մտածեցի նաեւ որ Տիրամօր դէմքը, ընդհանուր դէմք մըն է ըլլայ քրիստոնէութեան ըլլայ մահմետականներուն ինչպէս նաեւ ընդհանուր դէմք որ կը միաւորէ բոլորս» ըսաւ Սրբազան Հայր սիրտէն բխած խօսքին մէջ, նուէրը փոխանցելու ժամանակ բանտին տնօրէնին, ապա հրաւիրեց վայրկեան մը լուր մնալ, հուսկ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանայ այնպէս ինչպէս որ կը հաւատայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 13:17