Որոնել

2024.05.03 Basilica di Santa Croce in Gerusalemme - Incontro con il Clero Romano

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի խումբ մը քահանաներուն հետ

Հանդիպումը սկսաւ առաջնորդական փոխանորդ եպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքով եւ ժամասացութեան աղօթքով ապա առիթ ընծայուեցաւ գրեթէ երկու ժամ տեւող զրոյցի մը ընդմէջ Քահանայապետին եւ կղերականներուն որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկաները ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրբաթ 3 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի «Սանթա Քրոչէ ին Ճերուզալեմմէ» Սուրբ Խաչին նուիրուած ժողովրդապետութիւնը ուր հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց Հռոմի Թեմի կեդրոնական հատուածի շուրջ հարիւր քահանաներուն հետ»։ Լուրը կը հաղորդէ Հռոմի Թեմի ընկերային հաղորդակցութիւններու գրասենեակը։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ եպիսկոպոս` գերապայծառ Պալտօ Ռէյնայի, Կեդրոնական հատուածի հովուական գործունէութեան համադրող գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Փեշէյի եւ ժողովրդապետ Հայր Ալեսսանտրօ Փուճոթթոյի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի խումբ մը քահանաներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի խումբ մը քահանաներուն հետ

Հանդիպումը սկսաւ առաջնորդական փոխանորդ եպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքով եւ ժամասացութեան աղօթքով ապա առիթ ընծայուեցաւ գրեթէ երկու ժամ տեւող զրոյցի մը ընդմէջ Քահանայապետին եւ կղերականներուն, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկաները ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան։

Հանդիպումի մասին արտայայտուելով Գերապայծառ Ռէյնա նշեց որ «Քահանայապետը իր հայրութիւնը ցուցաբերեց քահանաներուն։ Ան եղաւ Հովիւ մը, որ պատմեց իր փորձառութեան մասին ու շատ օգտակար խրատներ տուաւ Հռոմի Պատմական Կեդրոնի շրջանին վերաբերող հարցերուն համար...մենք շնորհակալ ենք Ֆրանչիսկոս Պապին մեզի յատկացուցած ժամանակին համար»:

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի խումբ մը քահանաներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի խումբ մը քահանաներուն հետ

Իր կարգին ուրախութիւն արտայայտեց նաեւ գերապայծառ Փեշի նշելով, որ զրոյցի ընթացքին քահանաները Սրբազան Պապին փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը ի տես նաեւ յառաջիկայ տարուայ Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն առիթով։ «Հանդիպումին յուզմունքը վերածուեցաւ երախտագիտութեան եւ աղօթքի Ֆրանչիսկոս Պապին համար» ըսաւ ի միջի այլոց գերապայծառ Փեշի։ Հանդիպումի մասին արձագանգեց նաեւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, որ նշեց թէ հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան ոչ միայն հարցեր այլ նաեւ Հռոմի կեդրոնի եկեղեցիներու ներուժի իրականութիւնը, դէպի Յոբելեան ուղղուած հայեացքով մը...որուն ուղղութեամբ Սրբազան Պապը մեզի օգնեց նայելու դրական աչքերով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 07:05