Որոնել

2023.06.10 il corpo e il sangue di Gesù Cristo

2 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։  Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 12 ապրիլին, Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակած էր ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը եւ այսօր այդ օրակարգի վրայ աւելցուեցաւ մէկ այլ թուական եւ արարողութիւն ` 2 Յունիս 2024, Ամենասուրբ Հաղորդութեան տօնը, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, պիտի գլխաւորէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայէն մեկնող եւ դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուղղուող աւանդական թափօրը ուր տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։  Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց։

Ֆրանչիսկոս Պապը 2017-ին որոշեց տօնակատարութիւնը փոխադրել կիրակի օրուայ, եւ այդ որոշումի հետեւանքով 2018-ին Քահանայապետը տօնի Սուրբ Զոհը մատուցեց Հռոմի ծովեզերեան Օսթիա շրջանին մէջ, հետեւելով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի հետքերուն։ 2019-ին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Քազալ Պերթոնէ շրջանի Մխիթարիչ Սուրբ Կոյս Աստուածանայ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ 2013-էն մինչեւ 2017 Սրբազան Պապը շարունակելով իր նախորդներուն աւանդութիւնը, այդ պատարագները մատոյց Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ, որմէ ետք գլխաւորեց նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը։

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ Աւագ Հինգշաբթի գիշեր, իր աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ժամանակ, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով ըսաւ. «Արէք, Կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց, տուաւ աշակերտներուն ըսելով. «Խմեցէք ամէնքդ, ասիկա իմ Արիւնս է. Արիւնը Ուխտին, թափուած բազմութեան մեղքերուն համար»։ Սուրբ Պօղոս Կորընթացներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ այս խօսքերուն վրայ կ՛աւելցնէ որ Յիսուս ապա ըսաւ «Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար»։

Բացի 2 Յունիսի արարողութենէն Մայիս ամսուայ մէջ Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները.

Մայիս 9ին, Տիրոջ համբարձման տօնին օրը, յետմիջօրէի ժամը 5,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Քահանայապետը կ՛ընթերցէ եւ կը յանձնէ 2025 յոբելենական Սուրբ Տարուան հռչակման կոնդակը եւ կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան։

Հոգեգալուստի տօնին օրը, Կիրակի, 19 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։

Ապա՝ 26 մայիսին, Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը, որ է նաեւ Մանուկներու համաշխարհային Օր, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է Սուրբ պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 12:08