Որոնել

«Տէր աւելցուր իմ հաւատքս։ Վախն է հաւատքի թշնամին». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

«Հաւատքը այն առաքինութիւնն է որ մեզ քրիստոնեայ կը դարձնէ։ Որովհետեւ քրիստոնեայ ըլլալը նախ եւ առաջ մշակոյթ մը ընդունիլը չէ, անոր ընկերացող արժէքներուն հետ, այլ կապ մը ընկալել եւ պահպանելն է` իմ եւ Աստուծոյ միջեւ կապը» հաստատեց ապա Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի մէկ մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու մասին խորհրդածութիւնները շարքը խօսքը կեդրոնացուց հաւատքի առաքինութեան վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ հաւատքի առաքինութեան մասին։ Ան սիրոյ եւ յոյսի առաքինութիւններու հետ միասին ճանչցուած է որպէս «աստուածաբանական», որովհետեւ զայն կարելի է ապրիլ շնորհիւ Աստուծոյ պարգեւին։

Հաւատքի աստուածաբանական առաքինութիւնը

«Երեք աստուածաբանական առաքինութիւնները այն մեծ պարգեւներն են զոր Աստուած մեզի կ՛ընծայէ...առանց անոնց մենք կարող ենք ըլլալ խոհեմ, արդար, ուժեղ և ժուժկալ, բայց չէինք ունենար աչքեր, որոնք կը տեսնեն նոյնիսկ մթութեան մէջ, չէինք ունենար սիրտ, որ կը սիրէ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ սիրուած չէ, չէինք ունենար յոյս, որ համարձակ է ամէն յոյսի դէմ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հարց տալով ի՞նչ է հաւատքը եւ մէջբերելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի բացատրութիւնը ուր կ՛ըսուի` թէ հաւատքը այն արարքն է, որով մարդ արարածը ամբողջութեամբ կը յանձնուի Աստուծոյ (թիւ. 1814)։

Հաւատքի տիպարներ

Այս հաւատքին մէջ Աբրահամը եղաւ ամենամեծ հայրը։ Երբ ընդունեցաւ թողուլ իր նախնիքներուն երկիրը ուղղուելու համար դէպի երկիրը` զոր Աստուած անոր ցոյց պիտի տար, եւ ասոր համար ան հաւանաբար խելագար նկատուեցաւ. Ի՞նչու թողուլ ապահովը անապահովին համար, վստահը անվստահին համար։ Բայց Աբրահամ կը մեկնի, կարծես տեսնելով անտեսանելին։ Եւ ճիշտ այս անտեսանելին է, որ զինք պիտի բարձրացնէ լեր իր որդի Իսահակի հետ՝ խոստումի միակ որդւոյն հետ, որ միայն վերջին պահին կ՛ ազատուի զոհաբերութենէն։

Հաւատքի մարդ եղաւ նաեւ Մովսէսը, որ ընկալելով Աստուծոյ ձայնը մնաց հաստատակամ ու շարունակեց վստահիլ Տիրոջ նոյնիսկ պաշտպանելով իր ժողովուրդը, որուն յաճախ կը պակսէր հաւատքը։

Հաւատքի կին եղաւ նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ ընկալելով Հրեշտակին աւետիսը, զոր շատեր պիտի մերժէին կը պատասխանէ «Ահաւասիկ ես Տիրոջ աղախինն եմ։ Թող ըլլայ ինծի քու կամքին համաձայն» (Ղուկ 1,38)։

Քրիստոնեայ դարձնող առաքինութիւնը

«Հաւատքը այն առաքինութիւնն է, որ մեզ քրիստոնեայ կը դարձնէ։ Որովհետեւ քրիստոնեայ ըլլալը նախ եւ առաջ մշակոյթ մը ընդունիլը չէ, անոր ընկերացող արժէքներուն հետ, այլ ընկալել եւ պահպանել կապ մը` իմ եւ Աստուծոյ միջեւ կապը» հաստատեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով աւետարանին մէջ պատմուած այն դրուագին երբ Յիսուսին աշակերտները փոթորիկի կը բռնուին ու իրենց նաւակը ջուրով կը լեցուի եւ ընկղմման եզրին էր եւ վախէ բռնուած չեն նկատէր թէ լուծումը իրենց աչքերուն առջեւն է (Հմմտ. Մարկոս 4,35-41), Յիսուս իրենց հետն էր նաւուն վրայ եւ երբ զայն կ՛արթնցնեն Յիսուս զանոնք կը յանդիմանէ ըսելով «Ի՞նչու կը վախնաք։ Միթէ հաւատք չունի՞նք»։

Հաւատքի թշնամին` Վախը

«Ահա ուրեմն հաւատքի ամենամեծ թշնամին` վախը։ Ասոր համար հաւատքը առաջին պարգեւն է, զոր կ՛ընկալուի քրիստոնեայ կեանքին մէջ` պարգեւ զոր պէտք է ընկալենք ու հայցենք ամէն օր» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ մկրտութեան ժամանակ մեր ծնողները առաջին բանը` որ մեզի համար կը խնդրեն հաւատքն է։

«Արդարեւ քրիստոնեայ ծնողքի մը համար, որ գիտակից է իրեն նուիրուած շնորհքին, կը փափաքի այդ նոյն պարգեւը շնորհել իր զաւկին` հաւատքի պարգեւը։ Այդ հաւատքով ծնողքը գիտէ, որ նոյնիսկ կեանքի փորձութիւններու ժամանակ իր զաւակը պիտի չխեղդուի վախին մէջ: Ան նաև գիտէ, որ երբ դադրի այս երկրի վրայ ծնողք ունենալ, ան կը շարունակէ երկնքին մէջ ունենալ Հայր Աստուած, որ երբեք պիտի չլքէ զինք»:

Տէր աւելցուր իմ հաւատքս

«Մեր սէրը փխրուն է, միայն Աստուծոյ սէրը կը յաղթէ մահուան» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ թէ «հաւատք ունեցողը բնակուած է զօրութեամբ որ միայն մարդկային չէ» եւ Յիսուս այս առնչութեամբ կ՜ըսէ. «Եթէ հաւատք ունենայիր մանանեխի հատիկին չափ, կը կարողանայիր այս թթենիին ըսել արմատախիլ եղիր եւ տնկուէ ծովուն մէջ» (Ղուկ 17,6). Ասոր համար մենք եւս աշակերտներուն նման կրկնենք. Տէր աւելցուր իմ հաւատքս (հմմտ Ղուկ. 17,5) ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով բոլոր ներկաները միասնաբար կրկնելու այս աղօթքը. Տէր աւելցուր իմ հաւատքս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2024, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >