Որոնել

Վերոնա քաղաքի «Arena» ն Վերոնա քաղաքի «Arena» ն 

Յառաջիկայ 18 Մայիսին Քահանայապետը պիտի այցելէ Վերոնա քաղաքը

Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ շաբաթ 18 մայիսին, միօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Վերոնա, ուր նախատեսուած են Անոր տարբեր հանդիպումներ` որոնց շարքին խաղաղութեան նուիրուած հանդիպում մը, որոնք պիտի աւրտին Սուրբ պատարագով զոր Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Վերոնայի մարզադաշտին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Վենետիկ կատարած հովուական այցելութեան երկրորդ օրը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով` թէ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ շաբաթ` 18 Մայիս 2024ին միօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Վերոնա ուր նախատեսուած են Անոր տարբեր հանդիպումներ` նախ Քահանաներուն ու կրօնաւորական կեանքի նուիրուած անձերուն հետ` Քաղաքի Սան Զենօ պազիլիքայի մէջ ապա մանուկներու ու պատանիներու հետ` Եկեղեցւոյ յարակից Սան Զենօ հրապարակին վրայ, որմէ ետք Ան կը տեղափոխուի Վերոնայի «ARENA» ուր կը գլխաւորէ «Խաղաղութեան Արենան, Խաղաղութիւնը եւ Արդարութիւնը պիտի ողջագուրուին» բնաբանով հաւաքը եւ ուր Քահանայապետը պիտի պատասխանէ իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը փոխադրուի Մոնթորիոյի Բանտ ուր կը հանդիպի բանտի անձնակազմի, բանտարկեալներու ու անոնց հետ զբաղող կամաւորներուն հետ, ուղղելով իր պատգամը ու կէսօրուան ճաշը կիսելով մի քանի բանտարկեալներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութեան օրակարգի վրայ վերջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ Սուրբ պատարագը, զոր Ան կէսօրէն ետք պիտի գլխաւորէ քաղաքի «BENTEGODI» մարզադաշտին մէջ աւարտելով միօրեայ այս հովուական այցելութիւնը ու վերադարձ կատարելով Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2024, 12:05