Որոնել

2025.02.04 Mons Narek Louisian visita il Governatore di Latakia

Քեսապի ժողովրդապետ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի այցը՝ Լաթաքիոյ նահանգապետին

Կողմերը խօսակցութիւն ծաւալած են շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ եւ համաձայնած են շարունակել այդ որակի հանդիպումները։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Քեսապի հայկական համայնքի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու առաջադրանքին առընթեր օրերս կարեւոր քայլով մը Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան այցելութիւն տուած է Լաթաքիոյ նահանգապետարան։ 

 Կը նշուի, որ Վարդապետին ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան դիմաւորած է նահանգապետ Տիար Մոհամմատ Օսման, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ գիւղական հատուածներու պատասխանատու Մոհամմատ Թարիֆէ։ 

Կողմերը խօսակցութիւն ծաւալած են շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ եւ համաձայնած են շարունակել  այդ որակի հանդիպումները։ 

Իր կարգին Հ. Նարեկ Վրդ. Իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է շրջանի պատասխանատուներուն ու անոնց ճամբով Սուրիոյ իշխանութիւններուն կարեւորելով Սուրիոյ տարբեր կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ համակեցութեան երկիր ըլլալու հանգամանքը։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան արդէն ութ տարիներէ ի վեր հովուական առաքելութեամբ կը գտնուի Քեսապի մէջ եւ հակառակ ամենատարբեր տեսակի դժուարութիւններուն ու պատերազմի ողջ ընթացքին, ոչ մէկ առիթով բացակայած է հայաշունչ աւանէն։

Այս մէկն արդէն բաւարար ապացոյց է վերջինիս նուիրումին եւ իր կրօնաւորի առաքելութեան հանդէպ ունեցած  հաւատարմութեան։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 07:48