Որոնել

2025.02.04 Padre Kevork Karaguezian

Խօսքը հակակշռելու արուեստը` Լեզուի սանձումը

Մեր խօսքերը կշռելը եւ մեր անձին վրայ իշխելու կարողութիւնը զարգացնելը դրականօրէն հաստատուած եւ ամրօրէն կայացած վարուելակերպի մը արտայայտութիւններն են, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլան մեր նմանին հանդէպ մեր տածած սէրն ու յարգանքը: Արդարեւ, եթէ մենք չենք ուզեր վիրաւորուիլ, անարգուիլ, կոպիտ խօսքեր լսել, ապա, նոյն մօտեցումով, մեր նմանը պէտք չէ անարգենք ու նուաստացնենք:

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծը հաւատարմօրէն կրողներէն Յակոբոս Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին 3-րդ գլխուն մէջ կը խօսի մարդ անհատի ինքնազսպումի կարեւորագոյն երեւոյթներէն` լեզուն սանձելու պարտաւորութեան մասին եւ կ՛ըսէ. «Ան, որ գիտէ իր խօսքերը կշռել, կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող» (Յկ 3.2): Ան Աստուծոյ կենդանի խօսքով եւ վառ պատկերներու ընդմէջէն ցուցմունքներ կու տայ քրիստոնէական ուղիղ եւ իմաստուն կեցուածք որդեգրելու մասին. այս իմաստով, կարեւոր է բանաւոր արտայայտութեան չափաւորութիւնը, որ իր բարերար ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ոեւէ քրիստոնեայի կեանքը իմաստուն եւ արժանավայել դարձնելու նպատակի իրագործման վրայ:

Հակառակ անոր որ Աստուած հետեւողականօրէն եւ համապարփակ ձեւով քրիստոնէավայել կեանքի մը չափանիշները սահմանած է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, շատ յաճախ մենք կը շեղինք այդ ուղիէն, կը տկարանանք ու սխալներ կը գործենք. հուսկ, ապաւինելով Աստուծոյ անծայրածիր ներողամտութեան, կը փորձենք վերականգնիլ, մենք մեզ կարգաւորել եւ մեր հակակշռին տակ առնել մեր սխալ ընթացքը:

Ինքնակարգաւորման եւ ինքնազսպումի ամէնէն դժուար աշխատանքներէն մէկը կը վերաբերի մեր խօսքերուն եւ մեր գործածած լեզուին պատշաճ օգտագործման: Հոս է, որ մեր դիմաց կը կանգնին երկու կարեւոր հանգամանքներ. առաջին` հաւատքի եւ սիրոյ դրական խօսքերով առաջնորդուող մեր բանաւոր արտայայտութիւններուն կարգաւորումը, եւ երկրորդ` մեր նմանին հանդէպ մեր օգտագործած սիրալիր եւ յարգալիր բառերէն բխող ներքին խաղաղութիւնը:

Առաջին հերթին պէտք է հաստատել, որ հաւատքի եւ սիրոյ դրական խօսքերը նախապայման են Քրիստոսի նմանելու մեր ձգտումին իրականացման: Այս իմաստով, պէտք է զերծ մնալ վիրաւորական, եսակեդրոն եւ յոխորտացող խօսքերէ: Մեր լեզուին միակ խթանիչ ուժը Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը պէտք է ըլլայ. հաւատք մը, որ գործնականապէս կ՛արտայայտուի մեր նմանին ուղղուած սիրալիր եւ քաղցր խօսքերով:

Մեր լեզուի սայթաքումը եւ անկէ բխող չարամիտ խօսքերը աստուածահաճոյ արարքներ չեն, եւ անոնց սանձումը մեզմէ իւրաքանչիւրիս գիտակից որոշումին ենթակայ պէտք է ըլլայ: Մեր բառերը պէտք է կշռադատենք, մտածենք անոնց ժխտական հետեւանքներուն մասին եւ խուսափինք նուաստացնող բառամթերքէ, որպէսզի կարենանք մեր քայլերը ուղղել դէպի քրիստոնէավայել կեանքի ճանապարհը: Իբրեւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ ապրելու համար մեր խօսակցութեան կառավարումը պէտք է կատարենք ինքնաքննութեամբ եւ առարկայական վերլուծումով:

Մեր խօսքերը կշռելը եւ մեր անձին վրայ իշխելու կարողութիւնը զարգացնելը դրականօրէն հաստատուած եւ ամրօրէն կայացած վարուելակերպի մը արտայայտութիւններն են, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլան մեր նմանին հանդէպ մեր տածած սէրն ու յարգանքը: Արդարեւ, եթէ մենք չենք ուզեր վիրաւորուիլ, անարգուիլ, կոպիտ խօսքեր լսել, ապա, նոյն մօտեցումով, մեր նմանը պէտք չէ անարգենք ու նուաստացնենք:

Այս սկզբունքէն մեկնելով` անդրադառնանք երկրորդ կարեւոր իրագործումին, որուն կը ձգտինք, եւ որ կը վերաբերի մեր ներքին խաղաղութեան հաստատման: Երբ կարենանք կատարելապէս հակակշռել մեր խօսքերը, այն ատեն պիտի կարենանք մեր էութեան մաս կազմող այլ բաժիններուն վրայ եւս հեղինակութիւն ունենալ: Այսպէ՛ս է, որ կրնանք զգալ ներքին համերաշխութիւն: Երբ դրականօրէն կը շղթայենք մեր անհնազանդ լեզուն եւ մեր մտածումներն ու անոնց բանաւոր արտայայտութիւնները մեր վերահսկողութեան տակ կը պահենք, արդէն իսկ կը նպաստենք ներքին խաղաղութեան հաստատման: Խաղաղութիւն մը, որ ինքզինք կը դրսեւորէ ուրիշներու հետ մեր հեզասահ ու խաղաղ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն եւ այդ խաղաղութենէն մեկնելով` մենք կրնանք մեր հրահանգին ենթարկել մեր ամբողջ մարմինը իր բոլոր գործողութիւններով: Եթէ կարենանք ապստամբ լեզուն կասեցնել, ապա դիւրութեամբ կրնանք յաղթահարել նաեւ մեր էութենէն բխող այլ հարցերը: Երբ մեր լեզուն մեր իշխանութեան տակ կը գտնուի, մեր ուղեղի հրահանգով կը գերիշխենք մեր ամբողջ մարմնին եւ մեր անձին վրայ: Կը դառնանք ինքնավստահ, ինքնակարգապահ, հարցերէ զերծ, եւ հետեւաբար` խաղաղ եւ խոհեմ: Դէպի ներքին խաղաղութիւն առաջնորդող այս ձգտումը նաեւ կը տարափոխուի դէպի ուրիշը` մեր նմանը, քաղցրութեամբ եւ սիրով:

Ինչպէս որ նաւու մը ղեկը մեր հակակշռին ենթարկելով` կրնանք նաւը ուղղել դէպի ապահով ափեր, ապա մեր լեզուին եւ արտայայտած միտքերուն վրայ իշխելով` մեր անձերը կ՛ուղղենք դէպի դրականը, ապահովը եւ խաղաղը. կը քալենք քրիստոնէականօրէն` բաղձալի ճանապարհով դէպի մեր Արարիչը:

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 07:52