Որոնել

Հայաստան-Ատրպէյճան Սահման Հայաստան-Ատրպէյճան Սահման 

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը պիտի սկսի Հիւսիսէն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ որոշուած է սահմանազատումը սկսիլ հիւսիսէն, որովհետեւ երկկողմ համաձայնութիւնը այդպէս եղած է:

22 Յունուարի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր  Արթուր Խաչատրեան հարցուց, որ ինչո՞ւ որոշուեցաւ սահմանազատումը սկսիլ հիւսիսէն՝ դիտել տալով, որ աւելի խելամիտ չէ՞ր այս գործընթացին սկսիլ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն, օրինակ՝ Ներքին Հանդէն կամ Ջերմուկէն։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց՝ ըսելով, որ որոշուած է սահմանազատումը սկսիլ հիւսիսէն, որովհետեւ երկկողմ համաձայնութիւնը այդպէս եղած է: «Մենք կրկին ասում ենք, որ մենք ունենք օկուպացիայի (գրաւումի) տակ գտնուող տարածքներ 200 քառակուսի կիլոմետրից աւելի, որոնք, ի հարկէ, պէտք է ներկայացնենք սահմանազատման գործընթացի ժամանակ` մեր փաստարկները, հիմնաւորումները, թղթերը եւ այլն: Սկսել հիւսիսից, թէ հարաւից, եթէ անկեղծ գնահատականս էք ուզում, դուք ձեր մտքի մէջ մի հատ բան գծած, որը ձեր մտքի մէջ է: Ինձ մնար, Հայաստանի սահմանազատումը կը սկսէր Խաղաղ ովկիանոսից, կարող է աւարտէի Ատլանտեան ովկիանոսով, բայց մոլորակի վրայ բացի մեզնից կայ 200 հատ էլ պետութիւն: Մենք շահագրգիռ ենք, որ սահմանազատման գործընթացը շարունակուի, մենք համարում ենք այն խաղաղութեան գործընթացի շատ էական կարեւոր բաղադրիչ», ըսաւ Միրզոյեան։

Սահմանազատումը հիւսիսէն սկսելու հարցին անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ սահմանազատումը պիտի սկսի Տաւուշէն: Ըստ անոր, հոն արդէն որոշ հատուածներ սահմանազատուած են եւ իրենք կը փափաքին այդ հատուածին մէջ սահմանազատումը դարձնել ամբողջական: «Մենք այդ հատուածում ունենք մի քանի հատուածական սահմանազատում, նոյն Կիրանցի հատուածում, ինչքան էլ մենք ասում ենք, Կիրանցի հատուածի մի հատուածն է սահմանազատուած: Այսինքն` Բերքաբերից Կիրանց, էդ արանքը, Բաղանիսից դէպի Ջուջեւան, էդ հատուածը, Կոթիի հատուածը սահմանազատուած չեն: Հիմա մենք էնտեղ ունենք սահմանազատուած հատուածներ, որոնք, այո՛, անվտանգութեան երաշխիք են: Մենք ուզում ենք այդ կտորները դարձնել ամբողջական: Դուք ասում էք` Ներքին Հանդ, մենք համաձայն ենք դրա հետ, բայց դա չի նշանակում, որ մենք Բերդաւան կամ միւս գիւղի բնակչի անվտանգութիւնը ասում ենք, չէ, էնտեղ աւելի կարեւոր է, քան էնտեղ, չենք ասում», ըսաւ Փաշինեան։

Նոյն նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանին հարցուց, որ արդեօք Տաւուշի մարզին մէջ հետագային իրականացուելիք սահմանազատման իբրեւ արդիւնք Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճամբան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ պիտի անցնի՞: Սակայն, Դանիէլեանի 2 անգամ ուղղած հարցումին Գրիգորեան յստակ պատասխան չտուաւ: «Պայմանաւորուածութիւնների շրջանակները, հարցերը, որոնց շուրջ ձեռք է բերւում պայմանաւորուածութիւն, հրապարակւում են եւ չեն կարող գաղտնի մնալ: Վերջին հանդիպման վերաբերեալ կայ հաղորդագրութիւն, որտեղ արտացոլուած է, թէ ինչ ենք մենք պայմանաւորուել: Եթէ ձեր ասածն այդ պայմանաւորուածութեան մէջ չկայ, ուրեմն չկայ նման պայմանաւորուածութիւն», պատասխանեց Գրիգորեան:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ ԲԱՑՈՂ Է

Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին եւ ըսաւ, որ անիկա շատ յաջող եւ լաւ հեռանկարներ բացող փաստաթուղթ է, որ կը վերաբերի  տնտեսական համագործակցութեան, ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն: Ամէն պարագայի, նախարարը կոչ ուղղեց՝ ո՛չ գերագանհատելու եւ ոչ ալ թերագնահատելու այդ փաստաթուղթը:

Միրզոյեան խօսեցաւ այն քննարկումներուն մասին, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը ստորագրած ըլլալնուն համար Մոսկուա եւ Թեհրան պիտի պատժեն Երեւանը: Ան վստահեցուց. որ Մոսկուայի եւ Թեհրանի գործընկերներուն հետ շատ կապի մէջ են, շատ հարցեր կը համադրուին եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մը մէջ աշխատանք կը տարուի:

Դարձեալ յորդորելով ճիշդ գնահատել Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը` Միրզոյեան շեշտեց, որ անիկա «ռազմական դաշինք անուանել չի կարելի, այն ընդհանրապէս պայմանագիր չէ, կանոնադրութիւն է»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 08:53