Որոնել

Արհեստական Բանականութիւն Արհեստական Բանականութիւն  (REUTERS)

Արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ փրկել վտանգուած լեզուներ

Ճիշդ ըսած չէ՞ Խ. Աբովեան. «Լեզուն եթէ չըլլար, մարդ ի՞նչ բանի պիտի նմանէր»: Այժմ լեզուներ սկսած են անհետանալ, ուրեմն մարդ ի՞նչ բանի պիտի նմանի: Լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ այժմ կ՛ուսումնասիրեն վտանգուած լեզուները արհեստական բանականութեան միջոցով փրկելու կարելիութիւնը: Կը ներկայացնենք ոմանց կարծիքները:

Ճեքսըն Հայցի մէջ կէսօրէ ետք մը ժամանակ անցընելը կը նշանակէ ամբողջ աշխարհի շրջագայութիւնը ընել: Նիւ Եորքի ամէնէն մեծ թաղամասի` Քուինզի հիւսիսարեւմտեան անկիւնը տեղակայուած Ճեքսըն Հայցը սովորաբար կը նկատուի աշխարհի ամէնէն բազմալեզու շրջանը: Հոն կը բնակի շուրջ 180 հազար մարդ: Անոնք միասնաբար կը խօսին արձանագրուած 700 լեզուներէն աւելի քան 160-ը:

Բայց, բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Ճեքսըն Հայց խնդիր ունի. անոր լեզուները կ՛անհետանան:

Լեզուաբանները կ՛ահազանգեն, որ մոլորակին վրայ խօսուող մօտաւորապէս 7000 լեզուներու բացարձակ մեծամասնութիւնը անհետացման վտանգի տակ է: Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւններու տուեալները ցոյց կու տան, որ երկու շաբաթը մէկ կը մահանայ լեզուի մը վերջին կենդանի խօսողը եւ անոնց հետ տուեալ լեզուն խօսողներու համայնքը աշխուժացնելու որեւէ կարելիութիւն: Այդ պարագային լեզուաբանները ամէնէն շատ կրնան յուսալ, որ լեզուն պահպանուի հետագայ ուսումնասիրութեան համար, ինչպէս շատոնց անհետացած քաղաքակրթութիւններու նմուշները կը պահպանուին թանգարաններու մէջ:

Ասիկա մշակութային ողբերգութիւն է, որ պայմանաւորուած է` տնտեսական համաշխարհայնացումով, արհեստագիտական փոփոխութիւններով եւ կառավարութեան քաղաքականութեամբ:

Հաւանաբար շատ ուշ է փրկել մօտ 600 լեզուները, որոնք կորսուած են միայն անցեալ դարուն: Սակայն լեզուաբանները աւելի ու աւելի կը դիմեն արհեստական բանականութեան (ԱԲ)` ձգտելով ոչ միայն պահպանել, այլեւ վերակենդանացնել մնացեալ լեզուները:

ԱԲ-ն եւ մարդկային լեզուն միշտ սերտօրէն կապուած եղած են, սակայն լեզուական մեծ նախատիպերու (ԼՄՆ) յառաջացումը պարզ դարձուց այս կապը: ԼՄՆ-երը կը վերապատրաստուին համացանցէն եւ թուայնացած գիրքերէն հաւաքուած մեծաքանակ գրութիւններու վրայ, որ կարելիութիւն կու տայ ԱԲ-ին` արձագանգել բազմաթիւ անձերու արձանագրութիւններուն, մատչելի, հասկնալի եւ բազմազան ոճով:

Զարմանալի չէ, որ լեզուաբաններն ու մշակոյթի պատմաբանները արագ հասկցան այս արհեստագիտութեան ներուժը` օգնելու փրկել անհետացման վտանգի տակ գտնուող հազարաւոր լեզուներ եւ առցանց գրութիւնը աւելի մատչելի դարձնել հարիւրաւոր լեզուներով խօսողներու համար, որոնք արհեստագիտութեան մեծ մասին հետ առնչութիւն չունին:

Թէեւ ԼՄՆ-երու մեծ մասը այսօր ի վիճակի է աշխատելու միայն շուրջ 100 լեզուներով, ճշգրտութեան եւ որակի լայն շրջանակով, սակայն այս նոր զարգացումը հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծելու նախատիպեր, որոնք քաջածանօթ են վտանգուած եւ փոքրաթիւ խօսողներ ունեցող լեզուներուն:

Լեզուաբանական հետազօտութեան հզօր նոր գործիքին զուգահեռ, ասիկա մեծ նուէր մը կ՛ըլլայ վտանգուած լեզուներու մնացեալ խօսողներուն համար եւ կ՛օգնէ սորվեցնելու յաջորդ սերունդին եւ դիւրացնելու համացանցին ընձեռած կարելիութիւնները: Սկզբունքով այդ նրբագեղ եւ կարեւոր գործածութեան պարագայ է, բայց գործնականին մէջ այդ կիրարկելը դժուար է:

ՄաքԿիլ համալսարանի համակարգչային գիտութեան օգնական Տ. Ատելանի, որ մասնագիտացած է հաշուողական (computational) լեզուաբանութեան մէջ, կ՛ըսէ. «Ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը տուեալներու բացակայութիւնն է: ԼՄՆ-ի վերապատրաստումը կը պահանջէ համացանցէն մեծաքանակ գրութիւն հաւաքել: ԼՄՆ-ն որքան շատ տուեալներ ընդունի, այնքան աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ»:

Խնդիրը այն է, որ բոլոր կայքերու շուրջ 50 առ հարիւրը գրուած է անգլերէնով, իսկ լաւագոյն 10 լեզուները կը կազմեն համացանցի ամբողջ բովանդակութեան աւելի քան 80 առ հարիւրը:

Երկրի լեզուներու բացարձակ մեծամասնութիւնը այն է, որ Ատելանին կ՛անուանէ «թերի պաշարներով (under-resourced) լեզուներ», այսինքն այդ լեզուով ԼՄՆ պատրաստելու համար անհրաժեշտ են հսկայական քանակով տուեալներ, որոնք գոյութիւն չունին:

«Շատ մեծ կապ կայ համացանցին մէջ գոյութիւն ունեցող տուեալներու քանակին եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան աջակցութիւնը վայելող լեզուներու միջեւ,- կ՛ըսէ Ատելանի: – Եթէ ձեր լեզուն առցանց շատ գրութիւններ չունի, այդ աւելի քիչ ներկայացուած կ՛ըլլայ այսպիսի արհեստագիտութեան մէջ: Կան բազմաթիւ լեզուներ, որոնք կը պատկանին այդ դասակարգին, անոնց մեծ մասը հարաւէն է»:

Վտանգուած լեզուները, ըստ սահմանումին, թերի պաշարներով են, բայց այդպիսի ոչ բոլոր լեզուները վտանգուած են: Օրոմոն, օրինակ, լեզու մըն է, որ կը խօսի շուրջ 45 միլիոն մարդ հաշուող Եթովպիոյ եւ Քենիոյ մէջ՛ ի տարբերութիւն քալաշա-մունի նման լեզուին, որ կը խօսին Փաքիստանի մէջ քանի մը հազար անձեր:

Հակառակ բազմաթիւ խօսողներ ունենալուն` օրոմոն ներկայացուած չէ ԼՄՆ-երու եւ ԱԲ-ի վրայ հիմնուած այլ արհեստագիտութիւններու մէջ, որովհետեւ այդ լեզուն խօսողներ ունեցող երկիրներու բնակչութեան միայն 30 առ հարիւրին մատչելի է կանոնաւոր համացանցը: Աշխարհի 7000 լեզուներու մեծամասնութեան համար իրավիճակը վատ է: Անոնց մեծ մասը կը խօսուի 10 հազարէն նուազ անձերու կողմէ:

Բայց ԼՄՆ-երու եւ այլ ԱԲ համակարգերու վերապատրաստման լեզուական տուեալներու ընդհանուր բացակայութիւնը խնդրին միայն մէկ մասն է: Հիմնական այլ մարտահրաւէրը այն է, որ ԼՄՆ-երը կը պայքարին արձանագրելու համար գրութիւններ, որոնք հռոմէական այբուբենը չեն օգտագործեր, հիմնական քանի մը լեզուներէն դուրս, ինչպէս` ռուսերէնը եւ մանտարինը:

Բազմաթիւ լեզուներու համար, յատկապէս` ամէնէն վտանգուածներու համար, կը բացակայի իրենց գրագրին համար նոյնիսկ Unicode-ի կանոնակարգումը, որ անհրաժեշտ է համացանցին մէջ որեւէ լեզուով գրելու համար: Ատելանի կը յիշէ, որ փորձած է ԱԲ-ի նախատիպ վարժեցնել ամհարերէնով, որ Եթովպիոյ մէջ ամէնէն տարածուած լեզուն է, սակայն ճշգրտութեան ոչ մէկ նիշ ստացած է: «Եթէ գրութիւնը աջակցութիւն չունենայ, չի գործեր», կ՛ըսէ ան:

Ինչպէ՞ս ԱԲ-ն Կրնայ Օգնել Լեզուներուն

Այսօր աշխարհի մէջ խօսուող հազարաւոր վտանգուած լեզուներու տագնապին շատ լաւ ծանօթ են մշակութային պահպանութեան մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ արհեստագէտներ, որոնք կ՛աշխատին ԼՄՆ-երու վրայ` զանազան լուծումներ փնտռելով այդ լեզուները անհետացումէ փրկելու:

Այս ջանքերէն շատերը կեդրոնացած են անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու թուային վաւերագրման վրայ` յուսալով, որ եթէ կարելի չըլլայ փրկել խօսողներու կենդանի համայնք ունենալու իմաստով, անոնք գոնէ կրնան պահպանուիլ հետագայ ուսումնասիրութեան համար:

Վտանգուած լեզուներու պահպանման համաշխարհային նախաձեռնութեան առաջին եւ ամէնէն յաջող օրինակներէն մէկը Ռոզեթթա նախագիծն է, որ սկսած է գործել 2002 թուականին Լոնկ Նաու հիմնադրամին կողմէ` բոլոր փաստագրուած լեզուներով թուային գրադարան ստեղծելու համար: Այս լրացաւ առանձին նախաձեռնութեամբ, որ կը կոչուէր «Վտանգուած լեզուներու նախագիծ», որ սկսաւ 2012 թուականին` Կուկըլի աջակցութեամբ: Այն ժամանակէն ի վեր այդ վերածուած է աւելի քան երեք հազար վտանգուած լեզուներ արձանագրող գրքոյկի:

Անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող տուեալները արձանագրելու աշխատանքին հետ, ամբողջ աշխարհի մէջ լեզուաբանները կը դիմեն սմարթֆոններուն, ԱԲ-ի եւ այլ արհեստագիտութիւններու` անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու համար արագացնելու լեզուական տուեալներու մեծ շտեմարաններու կառուցման հոլովոյթը: Այդ նախապայման է` ստեղծելու կենսունակ ԱԲ նախատիպը, որ կը ստեղծէ գրութիւն եւ խօսք:

Օրինակ, 2018 թուականին Աւստրալիոյ ARC Գերազանցութեան կեդրոնը լեզուի ներուժի համար (CoEDL) սկսաւ գործածել Opie կոչուող մարդամեքենան` օգնելու հեռաւոր գիւղերու երեխաներուն բնիկ լեզուներ սորվեցնել: CoEDL ապա գործակցեցաւ Կուկըլին հետ` բնիկ լեզուներու համար ԱԲ-ի նախատիպեր ստեղծելու համար: Ասիկա լեզուաբաններուն համար խնայեց տառադարձման բազմաթիւ ժամեր, որոնք կը պահանջուէին տուեալներ արտադրելու համար` նախատիպերը վարժեցնելու:

Վտանգուած լեզուներու պահպանումի Կենդանի լեզուներու հիմնարկը վերջերս գործակցեցաւ Շուր ընկերութեան հետ, որ ստեղծած է փոքր անլար խօսափողեր, որոնք սովորաբար կը գործածեն ընկերային լրատուամիջոցներ ստեղծողները` դիւրացնելու վտանգուած լեզուներու ձայնագրումը աշխարհի կարգ մը հեռաւոր վայրերու մէջ:

Այս տեսակի նախաձեռնութիւնները անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու պահպանման կարեւոր մասն են, բայց բոլորն ալ համոզուած են, որ այդ բաւարար չ՛ըլլար` զանոնք փրկելու կամ նոյնիսկ այդ լեզուներու ԱԲ-ի արդիւնաւէտ նախատիպեր ստեղծելու:

Ըստ լեզուաբան Անտրաշ Քոռնայի, աշխարհի լեզուներուն միայն հինգ առ հարիւրը կարելի է թուայնացնել, որովհետեւ մնացեալները չունին բաւարար տուեալներ: Այս կը նշանակէ, որ աշխարհի լեզուներուն մեծ մասը կ՛անհետանայ: Այլ խօսքով, լեզուն կրնայ ունենալ կենդանի խօսողներու փոքր, բայց կենսունակ համայնք, բայց հիմնուելով Քոռնայի հետազօտութեան վրայ` այդ արդէն մեռած է այն առումով, որ դժուար թէ երբեւէ գործածուի առցանց հաղորդակցութեան համար: Ասիկա անհետացող լեզուներէն շատերուն համար լաւագոյնը թուային պահպանումն է:

«Լեզուի պահպանումը հիանալի բան է, բայց այդ չի յանգեցներ կենսունակ լեզուական համայնքի, – կ՛ըսէ Քոռնայ: – Դուք կրնաք վերականգնել բազմաթիւ բաներ, բայց կայ որոշ քանակութեամբ տուեալներու կորուստ, որ անխուսափելի է»:

Մայրենին խօսողներու այս կորուստը հիմնական խնդիր կը ստեղծէ մեքենական ուսուցման յաւելուածներու համար: Առանց սահուն խօսողներու` յաւելուածները չափազանց դժուար է մշակել եւ կատարելագործել: «Այս նաեւ գրեթէ անկարելի կը դարձնէ այդ լեզուին փորձարկումը մեքենական ուսուցման միջոցով, քանի որ դուք այլեւս չունիք խօսողներ, որոնք կրնան ըսել, թէ արդեօ՞ք արդիւնքը անկապ խօսք է», կ՛աւելցնէ Քոռնայ:

Տան Վան Աշ լեզուաբան է, որ վերջին 12 տարիները անցուցած է Կուկըլին մէջ` ուսումնասիրելով արհեստագիտութիւնը աւելի լայն լեզուական հանրութեան մատչելի դարձնելու ուղիները: Ան կը յիշէ, երբ Քոռնայ իր յօդուածը հրապարակեց տասնամեակ մը առաջ եւ ցնցեց լեզուաբանները: Բայց 10 տարուան ընթացքին շատ բան փոխուած է: Այժմ ան կը խորհի, որ Քոռնայի սարսափելի կանխատեսումը կրնայ չափազանց յոռետեսական ըլլալ:

«Մեծ փոփոխութիւնը այն է, որ այժմ ամէն տեղ սմարթֆոններ կան, – կ՛ըսէ Վան Աշ: – Բազմաթիւ մարդիկ կ՛ուզեն գործածել իրենց լեզուն ընկերային ցանցերուն մէջ եւ չաթի յաւելուածներուն վրայ, բայց այդ պատմականօրէն աջակցութիւն չէ ստացած»:

2022-ի դեկտեմբերին Կուկըլ յայտարարեց իր հազար լեզուներու նախաձեռնութեան մեկնարկի մասին, որուն նպատակն էր ստեղծել ԱԲ նախատիպ մը, որ կ՛աջակցի աշխարհի ամէնէն շատ խօսուող հազար լեզուներուն: Բայց նախագիծը սկսած ատեն այդ բախեցաւ նոյն հսկայ մարտահրաւէրին. ինչպէ՞ս հաւաքել լեզուական բաւարար տուեալներ նախատիպը ստեղծելու համար:

Լուծումը, կ՛ըսէ Ուչէ Օկոնկվօ` Կուկըլի ԱԲ ծրագրի պատասխանատու տնօրէն, արհեստագիտական նորարարութիւններու եւ համայնքի ներգրաւուածութեան խառնուրդ էր: Արհեստագիտական առումով, հետազօտողները կեդրոնացած են աւելի քիչ տուեալներով աւելին ընելու ուղիներ գտնելու վրայ: Օրինակ, Կուկըլ Տիփ Մայնտի հետազօտողները մշակած են ընկերութեան ԼՄՆ Ճեմինին, անհետացման եզրին գտնուող ինտոնեզերէնի ուսուցման արհեստագիտութիւն, վերլուծելով այդ լեզուի համար գոյութիւն ունեցող քերականական քանի մը պաշտօնական գիրքերէն մէկը:

Բայց իրական բանալին, կ՛ըսէ ան, ուղղակի աշխատիլն է խօսող համայնքներու հետ, հաւաքելու լեզուի տուեալներ եւ ապահովելու, որ ստացուած ԱԲ նախատիպը ճշգրիտ կը ներկայացնէ որեւէ լեզուի մէջ յայտնաբերելու բազմաթիւ նրբերանգներ: Այս յատկապէս կարեւոր է աշխարհի լեզուաբանօրէն տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Հնդկաստանը, ուր իրարմէ միայն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ խօսուող բարբառները կրնան շատ տարբեր ըլլալ:

1000 լեզուներու նախաձեռնութիւնը արդէն երկար ճամբայ անցած է ժամանակակից ԱԲ-ն աւելի մատչելի դարձնելու համար թերի ներկայացուած լեզուներով միլիոնաւոր խօսողներու համար: Բայց ի՞նչ կ՛ըսէք խօսուող այն լեզուներուն մասին, որոնք չեն մտներ 1000-ին մէջ: Արդեօ՞ք ԱԲ-ի գործածութիւնը անյոյս է աշխարհի ամէնէն վտանգուած լեզուները փրկելու համար: Պարտադիր չէ, կ՛ըսէ Ատելանի:

Միաժամանակ, սակայն, շատ հիմնական արհեստագիտական աշխատանք կայ ընելու: 2024 թուականի սկիզբին Սթենֆորտ համալսարանը ընթացք տուաւ նախաձեռնութեան մը` հին եւ նոր տեղեկատուական միջոցներու մէջ լեզուներու ընդգրկման եւ պահպանման վերաբերեալ (ՍԻԼԻՔՈՆ), որ կ՛աշխատի վտանգուած լեզուներու կանոնակարգումով` օգնելու անոնց պահպանութեան եւ գործածութեան ԱԲ յաւելուածներուն մէջ:

Օգտակար ԱԲ նախատիպերը տակաւին հեռաւոր երազներ են վտանգուած լեզուներու մեծ մասին համար: Բայց եւ այնպէս, ներկայիս արհեստագիտութիւնը կրնայ ըլլալ կրթական գործիք, որ պատնէշ կը ստեղծէ անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու հետագայ մաշումին դէմ: Օրինակ, 2021-ին Google Arts & Culture-ը գործարկեց Woolaroo սմարթֆոններու յաւելուածը, որ նախատեսուած է անհետացման վտանգի տակ գտնուող բնիկ լեզուներ ուսումնասիրելու համար, որպէսզի երիտասարդ սերունդներուն օգնէ ներգրաւուելու իրենց լեզուական ժառանգութեան: Woolaroo-ի մէջ անձ մը կրնայ իր հեռաձայնը ուղղել առարկայի մը, օրինակ` ծառի մը, տեսնել եւ լսել բառը աշխարհի աւելի քան 10 բնիկ լեզուներով:

Աշխարհի վտանգուած լեզուները պահպանելու եւ վերակենդանացնելու համար ԱԲ-ի գործածութիւնը խոստմնալից է, բայց դեռ կանուխ է գիտնալ, թէ արդեօ՞ք այդ կրնայ կանխել Քոռնայի տասնամեակ մը առաջ կանխատեսած լեզուներու զանգուածային ոչնչացումը:

«Ես չեմ հաւատար, որ մենք կրնանք փրկել այս վտանգուած լեզուները միայն ԱԲ-ի միջոցով, – կ՛ըսէ Վան Աշ: – Լեզուն կը պահպանուի միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը շարունակեն խօսիլ այդ: Բայց եթէ ԱԲ-ն կրնայ ըլլալ գործիք մը, որ կը դիւրացնէ խօսիլը, ես այդ կը նկատեմ լաւ կատարուած աշխատանք»:

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աղբիւրը՝ Ազդակ օրաթերթը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2025, 09:15