Որոնել

Russian Foreign Minister Lavrov meets Armenian Foreign Minister Mirzoyan in Moscow

Միրզոյեան-Լաւրով հանդիպում. «Բարձր մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները կը շարունակեն այժմէական մնալ». Լաւրով

Լաւրով հաստատեց, որ Հայաստան Ռուսիոյ բնական ռազմավարական գործընկերն է եւ դաշնակիցը: «Մենք շահագրգռուած ենք բարեկամութեան ու բարի դրացիութեան դարաւոր աւանդութիւններու ամրապնդումով ու զարգացումով», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ համար Հարաւային Կովկասի իրավիճակը կարեւոր է եւ Մոսկուան պատրաստ է պէտք եղած աջակցութիւնը ցուցաբերել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:

21 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին հիմնականօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցերու։

Լաւրով հաստատեց, որ Հայաստան Ռուսիոյ բնական ռազմավարական գործընկերն է եւ դաշնակիցը: «Մենք շահագրգռուած ենք բարեկամութեան ու բարի դրացիութեան դարաւոր աւանդութիւններու ամրապնդումով ու զարգացումով», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ համար Հարաւային Կովկասի իրավիճակը կարեւոր է եւ Մոսկուան պատրաստ է պէտք եղած աջակցութիւնը ցուցաբերել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:

Ան նշեց, թէ Մոսկուա հետաքրքրուած է Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու արտատարածաշրջանային խաղացողներու բացասական ազդեցութեան չենթարկուելով, մանաւանդ որ «այդ ուժերը չեն փափաքիր, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները ամրապնդուին»:

«Յոյս ունինք, որ տարիներու ընթացքին կուտակած փոխշահաւէտ երկկողմ կապերու ամբողջ ծրարը պահանջարկ կ՛ունենայ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ որոշ շրջանակներ գիտակցաբար սրած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները: Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ  Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  այս մասին խօսած են վերջին երկու ամիսներուն իրենց հաստատած կապերուն ընթացքին։

«Այսօր մենք Միրզոյեանի հետ պայմանաւորուեցանք առաջուան պէս շարունակել բաց եւ անկեղծ խօսիլ, թէ ի՛նչ մտահոգութիւններ կը յառաջանան Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, իսկ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի նկատմամբ: Նաեւ պիտի փորձենք ձեռնարկել քայլերու, որպէսզի լրատուադաշտը չօգտագործուի մեր երկիրներու չարակամներուն կողմէ՝ Հայաստան-Ռուսիա բնական եւ աշխատանքային յարաբերութիւնները բարդացնելու նպատակով: Մենք կը գիտակցինք բաց եւ անկեղծ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան եւ այստեղ մեզի օրինակ կը ծառայեն մեր ղեկավարները», ըսաւ Լաւրով՝ շեշտելով, որ ճիշդ ուղին այս է։

Ըստ Լաւրովի՝ 2020-2022ին բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները կը շարունակեն այժմէական մնալ` նկատի ունենալով տարածաշրջանին իրավիճակը: «Մենք պատրաստ ենք պէտք եղած աջակցութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով` զարգացնելու այն եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք 2020-2022ին ձեռք բերուած են երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ», ըսաւ Լաւրով։

Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուան ռազմավարական գործընկերութիւն եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Երեւանի, եւ թէ Պաքուի հետ, առ այս Մոսկուա շահագրգռուած է այս հարցով` ի տարբերութիւն տարածաշրջանէն հեռու գտնուող երկիրներու, որոնք յառաջ կը տանին այլ օրակարգ` նպատակաուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան պահպանման:

«Անոնք յոյս ունին, որ այդ լարուածութեան ծիրին մէջ պիտի կարենան առաջ տանիլ իրե՛նց աշխարհաքաղաքական շահերը: Ռուսիա կ՛առաջնորդուի եռակողմ ձեւաչափով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման աշխատանքներուն կը մասնակցի այնքանով, որքանով պահանջուած է Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ` ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:

Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեամբ եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Ռուսիա հետագային նկատի կ՛առնէ կատարուող քայլերուն բոլոր տուեալները` խուսափելով միակողմ մեկնաբանութիւններէ:

Միրզոյեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի անցակէտէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման՝ նշելով, որ ասիկա աղմուկի աղբիւր չի կրնար ըլլալ որովհետեւ այդ հատուածին մէջ իրավիճակը միշտ հանգիստ եղած է։

«Ինչ վերաբերում է Ռուսաստանի Դաշնութեան սահմանապահներին, ապա յիշեցնեմ, որ Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրուանից մեր խնդրանքով Ռուսաստանի Դաշնութեան սահմանապահները ժամանակաւորապէս ներգրաւուած էին Հայաստանի եւ Իրանի սահմանի անվտանգութեան ապահովման գործում, եւ ժամանակն անցնելուց յետոյ մենք շնորհակալութիւն յայտնեցինք ռուսական կողմին եւ Ռուսաստանի համապատասխան ծառայութեանը մեր սահմանին նման երկարատեւ ծառայութեան համար: Մենք տեղեկացրել ենք, որ մեր սահմանի այս հատուածն այսուհետ կարող է պաշտպանուել մեր իսկ ուժերով, եւ ես կարծում եմ, որ այստեղ որեւէ մեծ քաղաքական սկանդալի (գայթակղութեան) աղբիւր չկայ», ընդգծեց Միրզոյեան, ըստ որուն,  Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը միշտ եղած է շատ հանգիստ, ազատ եւ այնտեղ երբեք հարցեր չեն ծագած: 

Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ապահովական ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ուժեղ պայմանագիրներ ունի, եւ թէ՝ Հայաստան եւ Ռուսիա իսկապէս դաշնակիցներ կը նկատուին:

«Մենք շատ լաւ ու բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենք Իրանի հետ, եւ ահա այժմ նաեւ Ռուսաստանն է գործընկերային յարաբերութիւններ զարգացնում Իրանի հետ: Կարծում եմ, որ բոլոր երկրները կը շահեն այս համագործակցութիւնից», շեշտեց Միրզոյեան՝ աւելցնելով. «Իմ այցը բաւականին արդիական է մեր երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման դինամիկայի (ուժաբանութեան) լոյսի ներքոյ: Կարծում եմ, որ այս այցը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի մի շարք արդիական հարցերի շուրջ մտքերի հանգամանալից փոխանակում իրականացնելու համար: Հայաստանը մշտապէս հաւատարիմ է եղել բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբունքին: Եւ յուսով ենք` ռուսական կողմը հետագայում հաշուի կ՛առնի կատարուողի բոլոր ասպեկտները` խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններից, որոնք, ցաւօք, տեսել ենք վերջին շրջանում», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով.«Ուրախ եմ հաստատել Հայաստանի տեսլականը` ապաշրջափակելու բոլոր տնտեսական եւ տրանսպորտային (փոխադրութեան) հաղորդակցութիւնները, ինչը նախատեսուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի շրջանակում»։

Խօսելով Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին վերաբերող օրէնքի նախագիծին մասին՝ Միրզոյեան ըսաւ, որ անդամակցութեան ժամկէտներու եւ յստակ գործիքակազմերու մասին խօսք չկայ: «Սա քաղհասարակութեան նախաձեռնութիւնն է: Կազմակերպութիւնները, ինչպէս Սահմանադրութիւնն է պահանջում, հաւաքել են 50,000 ստորագրութիւն եւ նախաձեռնութիւնն աւտոմատ (ինքնաշխատ) կերպով դարձել է օրինագիծ… Ակնկալւում է, որ խորհրդարանը կողմ կը քուէարկի դրան»։

Միրզոյեան եւ Լաւրով բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հիւպատոսական ներկայացուածութեան հեռանկարները, որոնց կարգին Ռուսիոյ ներկայացուածութեան հարցը Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ, որ, ըստ Լաւրովի, ռազմավարական տեսանկիւնէ կարեւոր տարածաշրջան է: «Կը մեկնինք այն իրականութենէն, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ընդլայնումը, անոնց թիւի յաւելումը կը համապատասխանէ մեր երկիրներու շահերուն», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ ինք պիտի օգտուի Միրզոյեանի` Հայաստանի այցելելու հրաւէրէն:

Լաւրով արդիւնաւէտ նկատեց Միրզոյեանին հետ հանդիպումը՝ յայտնելով, որ կարծիքներու փոխանակումը պիտի նպաստէ լուծելու վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ ծագած հարցերը, որոնք երբեմն ծագած են լրատուամիջոցներու ոչ-ճշգրիտ արձագանգներուն պատճառով։ Ան շեշտեց, որ կայ երկու ժողովուրդներուն հիմնական եւ գործնական շահերէն մեկնած յարաբերութիւնները զարգացնելու շահագրգռուածութիւն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2025, 08:02