Որոնել

Liberty Ball in honor of Donald Trump's inauguration in Washington

Ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նախագահի պաշտօնը` Թրամփ. «Միացեալ նահանգներու ոսկեդարը հիմա սկսաւ»

Թրամփի երդման արարողութիւնը 1985 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ փակ տարածքի մէջ` ցուրտ եղանակին պատճառով:

Տանըլտ Թրամփ երէկ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած երդումի արարողութենէն ետք ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը:

Երդման արարողութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար յոբելենական էր, որովհետեւ նախագահական երդումի 60-րդ արարողութիւնն էր: Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ երկրորդ անձը, որ ոչ թէ անընդմէջ, այլ չորս տարուան ընդմիջումով երկու նստաշրջան կը պաշտօնավարէ: Այդ մէկը կատարած առաջին անձը Կրովըր Քլիվլընտն էր` 19-րդ դարու վերջաւորութեան:

Թրամփի երդման արարողութիւնը 1985 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ փակ տարածքի մէջ` ցուրտ եղանակին պատճառով:

Թրամփ խոստացած է, որ իր պաշտօնավարման առաջին օրը թէժ պիտի ըլլայ. կը սպասուի, որ ան ստորագրէ բազմաթիւ հրամանագիրներ` չեղեալ յայտարարելով նաեւ նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի որոշ որոշումներ:

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահը երդման արարողութենէն ետք իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու ոսկեդարը հիմա կը սկսի»` շեշտելով, որ Ամերիկան աւելի մեծ եւ աւելի իւրայատուկ պիտի ըլլայ, քան երբեւէ:

«Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի ըլլայ երկու սեռ` արու եւ կին», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Խաղաղարար եւ միաւորող պիտի ըլլամ, եւ կան պատերազմներ, որոնց մէջ մուտք պիտի չգործենք», նշեց ան` աւելցնելով. «Նախագահ ըլլալէս մէկ օր առաջ Միջին Արեւելքի մէջ գերիները վերադարձուցի իրենց ընտանիքներուն»:

«Պիտի վերականգնենք աշխարհի վրայ մեր դիրքը, եւ Մեքսիքայի ծոցի անունը քիչ ետք հրապարակելիք հրամանագիրովս Ամերիկայի ծոցի պիտի փոխենք», նշեց Թրամփ:

«Փանամայի ջրանցքին պիտի վերատիրանանք, զայն յիմարաբար Փանամային տալէ ետք: Փանամայի ջրանցքը Չինաստանէն ետ պիտի ստանձնենք, եւ ամերիկեան դրօշը պիտի բարձրացնենք Հրատին վրայ: Չկայ մեր ազգին նման ազգ մը, ո՛չ ալ մեր ախորժակին նման ախորժակ մը», աւելցուց ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2025, 08:20