Որոնել

Ափրիկէ, երեխաներ Ափրիկէ, երեխաներ 

24 Յունուարին կը նշուի միջազգային կրթութեան Օրը

ԻՒՆԵՍՔՈՅԻ կողմէ հռչակուած կրթութեան միջազգային օրը կը նշուի 24 յունուարին, ի պատիւ 1990ին Թայլընտի մէջ ընդունուած Կրթութեան մասին միջազգային հռչակագիրին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 24 յունուարին կը նշուի կրթութեան միջազգային օրը, Հռչակուած ՄԱԿ- կողմէ՝ ԻՒՆԵՍՔՈՅԻ յատուկ փափաքով՝ բարձրացնելու համար պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն իրազեկութիւնը երեխաներու համար, կրթութեան հասանելիութեան հարցին վերաբերեալ, որպէս աղքատութենէն խուսափելու միջոց։ Կրթութեան միջազգային առաջինը օրը նշուած է 2019ին։

2018ին, ԻՒՆԵՍՔՈՅԻ կողմէ հռչակուած կրթութեան միջազգային օրը կը նշուի 24 յունուարին, ի պատիւ 1990ին Թայլընտի մէջ ընդունուած Կրթութեան մասին միջազգային հռչակագիրին։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը 24 յունուարը հռչակած է, որպէս կրթութեան միջազգային օրը, քանի որ առանց որակեալ եւ հաւասար կրթութեան երկիրները չեն յաջողիր հասնիլ սեռային հաւասարութեան եւ չեն կրնար յաղթահարել աղքատութիւնը։

Ըստ ԻՒՆԻԵՍՖԻ վերջին տուաեալներուն` 262 միլիոն երեխաներ եւ երիտասարդներ չեն յաճախեր դպրոց եւ միլիոններով մեծ թիւով անձեր չեն գիտեր ոչ կարդալ եւ ոչ ալ գրել, մեծամասնութիւնը կը գտնուին Ափրիկէի մէջ եւ մօտաւորապէս 4 միլիոն փախստական երեխաներ եւ երիտասարդներ կարելիութիւնը չուչնին  դպրոց յաճախելու ու անոնց կրթութեան իրաւունքը խաղտած է եւ այս մէկը անընդունելի է ԻՒՆԵՍՔՈՅին համար որ  կառավարութիւններն ու գործընկերները կը հրաւիրէ, որակեալ կրթութիւնը դարձնելու հիմնարար առաջնահերթութիւն։ Ահա ասոր համար է, որ ծնած է Կրթութեան Միջազգային Օրը,  որպէսզի ձայն տուրի երեխաներուն։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի փոխ նախագահ Թէտ Չայնամի յայտարարութեան համաձայն, Սուրբ մէջ աւելի քան 7,5 միլիոն երեխաներ մարդասիրական օգնութեան կարիքը ունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2025, 10:19