Ֆրանսան մտադիր է 13 փետրուարին Փարիզի մէջ Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողով գումարել
Ֆրանսան Մտադիր Է 13 Փետրուարին Փարիզի Մէջ Սուրիոյ Հարցով Խորհրդաժողով Գումարել
Ֆրանսան կը ծրագրէ 13 փետրուարին Փարիզի մէջ Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողով գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատի մամլոյ ծառայութեան:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանի հետ զրոյցէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գրասենեակը յայտնած է, որ երկու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
«Երկու պետութիւններու ղեկավարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` աջակցելու արդար եւ ներառական քաղաքական անցումին, որ կը յարգէ բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
24/01/2025, 09:30