Որոնել

Զուիցերիոյ խորհրդարան Զուիցերիոյ խորհրդարան 

Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը որդեգրած է Արցախահայերու վերադարձին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով հրաւիրելու բանաձեւը

Նշեալ բանաձեւը 15 հոկտեմբեր 2024-ին որդեգրուած էր Ազգային խորհուրդի ստորին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:

Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 20 յունուարին որդեգրած է արցախահայութեան վերադարձին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով հրաւիրելու բանաձեւը:

Նշեալ բանաձեւը 15 հոկտեմբեր 2024-ին որդեգրուած էր Ազգային խորհուրդի ստորին պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:

Ատկէ ետք ստորին պալատը թեր քուէարկեց այդ նախագիծին: Քանթոններու խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 6 թեր, 1 դէմ, 2 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունուած այս բանաձեւը պիտի անցնի արդէն վերջնական փուլ, ուր Քանթոններու խորհուրդը պիտի քուէարկէ:

Դրական արդիւնքի պարագային բանաձեւը օրէնքի ուժ պիտի ստանայ եւ դաշնակցային խորհուրդը (գործադիր իշխանութիւնը) արդէն անկախ իր կամքէն ու դիրքորոշումէն պարտաւոր կը դառնայ զբաղիլ խորհրդաժողովի կազմակերպումով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 08:32