Պաքուի դատարանը Արցախի ղեկավարութեան բանտարկութիւնը տնային բանտարկութեամբ փոխարինելու միջնորդութեան գծով որոշում պիտի տայ
21 Յունուարին, Պաքուի մէջ շարունակուեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործով շինծու դատավարութիւնը:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ յաջորդ նիստին` 27 Յունուարին, դատարանը որոշում պիտի տայ խափանման միջոց բանտարկութիւնը տնային բանտարկութեամբ փոխարինելու միջնորդութեան գծով:
27 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով դատավարութիւնը. անոր գործը կը քննուի միւս ղեկավարներէն անջատ: Նախորդ դատական նիստին, Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդեց անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժեց այդ միջնորդութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիական անձերը Պաքուի դատարանին կողմէ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ:
Ընդհանուր առմամբ, դատաւորին դիմաց կը կանգնին 15 հայեր` Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտպանութեան բանակի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, քաղաքացիներ` Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Գարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ