Հայաստանի քայլերգին մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան, իսկ զանազան կառոյցներու անուններէն «Ազգային» բառը վերցուեցաւ
Ազգային ժողովի 22 Յունուարի նիստին ընթացքին ընդունուեցան շարք մը նախագիծեր, որոնց կարգին Հայաստանի քայլերգին մէջ փոփոխութիւն կատարելը եւ օփերայի եւ պալէի շէնքին անունէն «ազգային» բառը վերցնելը։
Ազգային ժողովը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու նախագիծը, որմով կը նախատեսուի «ՀՀ օրհներգի նկատմամբ միասնական ստանդարտ (հիմնաչափ) սահմանել վերջինիս տեքստի (բնագիրին), երաժշտութեան, տեւողութեան, երաժշտութեան մասով»: Թէեւ նախքան այս նախագիծը ընդունիլը՝ զանազան առիթներով, վարչապետին ներկայութեան, հնչեց փոխուած տարբերակը։
«ՀՀ օրհներգը պէտք է սկսուի այն քառատողով, որով սկսուել է, բայց աւարտուի գործող օրհներգի տեքստում գրուած երկրորդ քառատողով, այսինքն` «…թող միշտ պանծայ Հայաստան»ով», նշեց նախագիծի հեղինակ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեան:
Ժողովին ընդունուեցաւ նաեւ «Մշակութային օրէնսդրութեան հիմունքների մասին ՀՀ օրէնքում լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրինագիծը, ըստ որուն` Հայաստանի օփերայի եւ պալէի թատրոնի, պատկերասրահի, գրադարանի եւ այլ մշակութային կառոյցներու անուանումներէն պիտի վերցուի «ազգային» բառը:
Ըստ նախագիծին` «հայրենական մշակոյթի զարգացման գործում մեծ աւանդ ունեցած կառոյցների անուանումներում այսուհետեւ կը լինի «համապետական» բառը»:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան Սեպտեմբերէն սկսեալ Հայաստանի կառավարութիւնը առաջարկած էր մշակութային տարբեր հաստատութիւններու անուանման մէջ «ազգային» բառը փոխարինել «պետական»ով:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ