Որոնել

Արամ Ա եւ Գարեգին Բ կաթողիկոսները Արամ Ա եւ Գարեգին Բ կաթողիկոսները 

Արամ Ա եւ Գարեգին Բ Կաթողիկսոներուն ուղերձները՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը:

Արամ Ա Կաթողիկոսի ուղերձը՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, ազգային վառ ապրումներով եւ վերանորոգ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Հայ ժողովուրդը կ՚ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Փաստօրէն Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի: Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ներկայ կացութեան դիմաց չենք կրնար, իրաւունք չունինք լուռ մնալու: Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, ոյժերու համախմբումը ու մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ հրամայական է ու առաջնահերթ:

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Արցախի նուիրուած ներկայ հաւաքը: Արցախը մեզի համար անցեալ չէ: Եթէ թշնամին Արցախը գրաւելով համոզուած է, թէ Արցախի հարցը լուծուած է, սակայն մեր ժողովուրդին համար Արցախի հարցը լուծուած չէ՛, այնքան ատեն որ Արցախի ժողովուրդը վերադարձած չէ եւ իր ինքնորոշման իրաւունքը չէ վերականգնած իր պատմական հողերուն վրայ՝ միջազգային հովանիին ներքեւ: Արդարեւ, Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը պատմականօրէն եւ միջազգային իրաւունքի տուեալներով ամրագրուած, կարելի չէ զէնքի ոյժով լուծուած նկատել: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայմաններու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր:

Արդ, մեր ժողովուրդին համար Արցախի հայկական պատկանելիութեան ամբողջական վերականգնումը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ պայքար, նախ ներքին ճակատի վրայ: Այս համազգային պայքարին շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր ազգային կառոյցները, Հայաստանն ու Սփիւռքը: Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերականգնումի մեր յանձնառութիւնը պէտք է նաեւ մեզ մղէ հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքի՝ միջազգային համայնքէն ներս: Պետական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու ակադեմական շրջանակներէն ներս փաստացի տուեալներով հարկ է շեշտել ու վերաշեշտել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը: Այս գործընթացքին առընթեր, հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին՝ դիւանագիտական ճկունութեամբ եւ մարտունակ ոգիով, հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն: Միաժամանակ անհրաժեշտ է նաեւ հայոց բանակին հզօրացումը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը:

Հետեւաբար, սիրելի Արցախի հայութիւն, սփիւռք մի՛ դառնաք, կառչած մնացէ՛ք ձեր դատին, հերոսներու արիւնով թրծուած ձեր հողին, սուրբերու աղօթքով շաղախուած ձեր հոգեմտաւոր կառոյցներուն: Մեր ժողովուրդը ձեզի հետ է՝ աջակից ու զօրակից ձեր պայքարին:

Թող Աստուած ամուր պահէ մեր պահանջատիրական պայքարը, հզօր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդը…

 

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ուղերձը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով.

«Սիրելի ժողովուրդ,

Սեպտեմբերի 2-ը Արցախի անկախութեան օրն է:

Արցախի բռնազաւթման և ամբողջական հայաթափման պայմաններում մենք շարունակում ենք նշել պատմական այս օրը, քանզի Արցախն անցեալ չէ, այն պատմական հայրենիք է, ուր արցախահայութիւնը հազարամեակներով ապրել ու արարել է, արեամբ ու քրտինքով պաշտպանել իր ինքնութիւնը, հայրերի աւանդներն ու սրբազան արժէքները, փայփայել լուսաւոր գալիքի իր նուիրական երազները։

Մենք շարունակում ենք նշել Արցախի անկախութեան օրը նաև որպէս արդար ընդվզում ընդդէմ մեր ժողովրդի հանդէպ իրագործուած ցեղասպանութեան, բռնութեան ու ատելութեան: Բռնութիւնը չի կարող ջնջել մարդկային յիշողութիւնը եւ չի կարող խլացնել արդարութեան ձայնը: Մենք հաւատում ենք, որ պատմական մեր յիշատակները և մեր նախնեաց սխրանքները զօրացնելու են մեզ և մեր ժողովուրդը հաւատով ու յոյսով յաղթահարելու է պատերազմի աղէտալի հետևանքները, հայրենասէր ու ազգանուէր ոգով հետամուտ է լինելու իր համազգային իղձերի ու տեսիլքների իրականացմանը:

Արցախի Անկախութեան օրուան յիշատակումը ևս մեկ պատգամ է մեր ժողովրդին եւ մարդասիրութեան բարձր արժէքների ջատագով միջազգային հանրութեանը՝ գործուն ջանքեր ներդնելու յանուն արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակի, յանուն արցախահայութեան ոտնահարուած իրաւունքների պաշտպանութեան եւ Արցախի հայկական բազմադարեայ հոգևոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան:

Նուիրական այս օրը մեր սրտաբուխ աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած յանուն Արցախի ազատագրութեան ու պաշտպանութեան իրենց կեանքն ընծայած բոլոր քաջորդիների, ինչպէս եւ Տիրոջ օգնականութիւնը հայցենք Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարների եւ գերեվարուած մեր բոլոր զաւակների շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Թող Երկնաւոր Տէրը միշտ առկայծ պահի մեր ժողովրդի զաւակների հոգիներում սէրն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ հայրենի երկիրը, խաղաղութիւն ու մխիթարութիւն սփռի հայրենական մեր կեանքում և դէպի լուսաւոր ու յաղթական հանգրուաններ առաջնորդի համայն ազգս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2024, 08:19