Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (8)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Արեւմտեան Հայաստանի գլխաւոր կեդրոններուն մէջ սակայն ընթերցանութեան կարիքը շատ մեծ էր։ Այս կարիքէն մղուած հայատառ թրքերէն գրականութիւն մըն ալ ծնունդ առած էր ԺԳ. դարէն սկսած: Հայերու կողմէ հայերուն համար գրուող այս գրականութիւնը մեծ տարածում գտած էր մանաւանդ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, որովհետեւ մեր ժողովուրդը լաւ կը խօսէր եւ կը հասկնար թրքերէն լեզուն։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ անցեալ հաղորդումներուն խօսեցանք ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական այն պայմաններուն մասին, որոնք առկայ էին Պոլսոյ մէջ Արեւմտահայ գրականութեան զարթօնքի շրջանին։ Կը շարունակենք մեր հաղորդումը եւ այսօր ի մասնաւորի կը խօսինք բարբառային գրուածքներու եւ հայատառ թրքերէնին մասին։

Բարի ունկնդրութիւն

Արդարեւ ԺԲ. Դարէն սկսեալ գրաբար լեզուն սկսած էր նահանջել: Հայոց աշխարհին մէջ տեղի ունեցած տագնապները, օտար ցեղերու արշաւանքը, թագաւորական տան եւ նախարարական տոհմերու տկարացումը, կրթական եւ մշակութային կեդրոն հանդիսացող հայ վանքերու աւերը մեծ հարուած հասցուցած էին գրաբարին։

Ժողովուրդը կտրուած ըլլալով մեր դասական լեզուէն, բարբառները տիրապետող կը դառնային հետզհետէ։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի պէս քաջ գրաբարագէտ կաթողիկոսն անգամ բարբառով գրած ունի ոտանաւոր հանելուկներ, որպէսզի ժողովրդական խաւերը հասկնան։

Մխիթար Հերացի, նոյնպէս ԺԲ. դարուն գրած է «Ջերմանց Մխիթարութիւն» անուն բշկարան մը ռամկօրէն լեզուով։

Այնուհետեւ ամբողջ հինգ դամենք կը հանդիպինք ռամկօրէնով (բարբառով) գրող բազմաթիւ տաղասացներու, ինչպէս Ֆրիկ, Յովհ. Երզնկացի, Մկրտիչ Նաղաշ, Թլկուրանցի, Նահապետ Քուչակ, Նաղաշ Յովնաթան եւ այլ անուններ։

Այս տաղասացներէն զատ ռամկօրէնով արտայայտուող արձակագիրներ ալ ունեցած ենք։ Սմբատ Գունտսդապլ, ոչ միայն ունի բարբառով գրուած առակներ եւ ուսումնասիրութիւններ, այլ նաեւ ռամկօրէնի վերածած է Մխիթար Գօշի դատաստանագիրքը։ Այս իրողութիւնները ցոյց կու տան որ 5-6 հարիւր տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդը գրաբար լեզուն չէր հասկնար: Սակաւաթիւ ուսեալներուն միայն մատչելի էր ան: Շատոնց դադրած էր ուրեմն խօսակցական լեզու ըլլալէ:

Արեւմտեան Հայաստանի գլխաւոր կեդրոններուն մէջ սակայն ընթերցանութեան կարիքը շատ մեծ էր։ Այս կարիքէն մղուած հայատառ թրքերէն գրականութիւն մըն ալ ծնունդ առած էր ԺԳ. դարէն սկսած: Հայերու կողմէ հայերուն համար գրուող այս գրականութիւնը մեծ տարածում գտած էր մանաւանդ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն, որովհետեւ մեր ժողովուրդը լաւ կը խօսէր եւ կը հասկնար թրքերէն լեզուն։

Հայատառ թրքերէնով լոյս տեսած տասնեակ մը պարբերականներ ունեցած են, ինչպէս՝ «Մանզումէի Էֆքիար», «Մեճմուայի Հաւատիս» եւ այս բոլորը տեղի ունեցած են 1880- ական թուականներուն։

Մինչեւ անգամ ունեցած ենք հայ հեղինակներ, որոնք հայատառ թրքերէնով վէպեր շարադրած են։ Ատոնցմէ ամենէն տարածուածներէն մէկը «ԱԳԱՊԻ» վէպն էր (1851)։

Երբեմն պատահած է որ հայ պարբերաթերթերու էջերուն մէջ ալ հայատառ թրքերէնով յօդուածներ լոյս տեսնեն։ Յ. Պարոնեան «Թատրոն» թերթի 1875 Յունիս 24ի թիւին մէջ ցաւով նկատել տուած է. «Մեծ, շա՜տ մեծ տրտմութիւն է տեսնել, որ հայ մը հայու մը հետ տեսակցելու համար օտար լեզուով կը խօսի։ Այո՛, տրտմութիւն է եւ սակայն ըսածնիս ալ մեծ ճշմարտութիւն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 09:20