Որոնել

Լարսը դարձեալ փակ է Լարսը դարձեալ փակ է 

Լարսը դարձեալ փակ է՝ Ռուսական կողմը կը վերադարձնէ հայկական ինքնաշարժները

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին լարուած են. տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեան չյստակացուց, որ արդեօք այս վիճակին հարցը քաղաքակա՞ն է. ան միայն ըսաւ, թէ տեղեակ են, որ ռուսական կողմը կը վերադարձնէ հայկական ինքնաշարժները եւ բեռնատարները:

Հայաստանը Ռուսիոյ կապող ցամաքային միակ ճամբան՝ Լարսը, դարձեալ փակ է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւնը», որուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարորդ մը ըսաւ, թէ արդէն երկրորդ օրն է, որ կանգնած է խճողումին մէջ: 

Ըստ նոյն վարորդին՝ պատճառը հայ- ռուսական լարուած յարաբերութիւններն են։ «Ինձ թւում է՝ սա քաղաքական խաղ է, որով ուզում են, կոպիտ ասած, հայերին նեղեն: Իշխանութիւնը ռուսի հետ թարսուել է, հիմա ռուսն էլ այս ձեւով է պատասխանը տալիս», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ խճողումի մէջ կանգնած են թէ՛ արտածող եւ թէ ներածող ընկերութիւններուն բեռնատարները: Ան Ռուսիայէն կու գայ. Վերին Լարսի անցակէտին մէջ տարբեր պատճառներ տուած են՝ եղանակային պայմաններէն մինչեւ փաստաթուղթեր եւ առողջական հարցեր:

«Մենակ իմը չի, մեր հայկական մեքենաները: Սրանից առաջ ներկրում է եղել Հայաստան առանց պրոբլեմի (հարցի), մի օրուայ մէջ ձեւակերպել, տուել են, բայց երկու օր է՝ հիմա կանգնած եմ, ու սենց անորոշ վիճակ», նշեց ան:

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին լարուած են. տնտեսութեան փոխնախարար Արման Խոջոյեան չյստակացուց, որ արդեօք այս վիճակին հարցը քաղաքակա՞ն է. ան միայն ըսաւ, թէ տեղեակ են, որ ռուսական կողմը կը վերադարձնէ հայկական ինքնաշարժները եւ բեռնատարները: 

Շաբաթներ առաջ, հայկական քոնեաք բեռցուցած բեռնատարները շուրջ եօթը օր Լարսի մէջ մնացին: Քոնեաքին գերակշիռ մասը դէպի Ռուսիա կ՛արտածուի: Ըստ Արման Խոջոյեանի՝ այդ ատեն հարցը լուծուեցաւ ռուս գործընկերներուն հետ աշխոյժ համագործակցութեամբ. ռուսական կողմի հիմնաւորումը խստացած հսկողութիւն էր:

Մինչդեռ, ըստ ընդդիմադիր պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի տեղեկութիւններուն՝ քոնեաքը Ռուսիա մտաւ ռուսական մեծ առեւտրական կազմակերպութիւններու պահանջով: «Մտածել, որ դա զուտ տնտեսական է, առնուազն աչքափակութիւն է ու անկեղծութիւն չէ, դա հերթական լարուածութեան դրսեւորումն է, ինչքան էլ Փաշինեանն ասի՝ մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ շատ լաւ են, վկայակոչի Պուտինին, տեսնում ենք, որ յարաբերութիւնները գնալով վատթարանում են», ըսաւ Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա ինչ-որ առումով Ռուսիոյ պատասխանն է Հայաստանին ՀԱՊԿի վերջին նիստը պոյքոթի ենթարկելուն։ «Կարծում եմ՝ Ռուսաստանը որոշակի ուղերձներ է յղում, եկէք ընդունենք, որ սա պատահական չէր, քաղաքականութիւն է վարւում, եւ իրենք էլ քաղաքականութեան դէմ որոշակի հակաքաղաքականութիւն են իրականացնում», եզրակացուց Խաչատրեան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 08:00