Որոնել

Արցախի մէջ տեղահանուածներ Արցախի մէջ տեղահանուածներ  (ANSA)

Արցախի մէջ մնացած են շատ քիչ անձեր, յատկապէս՝ տարեցներ եւ հաշմանդամներ

Կարմիր Խաչը կը շարունակէ կապ հաստատել Արցախի մէջ մնացած թիւով քիչ հայերուն հետ` օգնելով անոնց վերամիանալու Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքներուն հետ եւ կապ պահպանել անոնց հետ՝ հեռաձայնով կամ տեսակապով:

Սեպտեմբերին Ղարաբաղէն դէպի Հայաստան մարդոց զանգուածային տեղահանումէն ետք,Կարմիր Խաչը սկսաւ փնտռել մարդիկ, որոնք չեն կրցած հեռանալ կամ նախընտրած են մնալ Արցախի մէջ: Այս մասին RTVI-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գլխաւոր տնօրէն Ռոպըրթ Մարտինի:

«Մեր աշխատակիցները այցելեցին քաղաքները եւ շրջեցան գիւղերուն մէջ: Մենք կը շրջէինք եւ բարձրախօսներով կը փնտռէինք անոնք, որոնք մնացած են հոն, որպէսզի օգնենք անոնց: Եւ հակառակ անոր որ մեծամասնութիւնը մեկնած է Հայաստան, մենք, Հայկական Կարմիր Խաչին հետ կ՛աջակցէինք մնացած բնակիչներուն: Շատ քիչ անձեր մնացած են, մասնաւորաբար՝ տարեցներ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, որոնք չեն կրցած մեկնիլ Հայաստան: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած շուրջ 20 անձերը մեզմէ ստացած են ուտելիքի ծրարներ, հաց, մաքրութեան պարագաներ եւ բժշկական քննութեան ենթարկուած են», ըսաւ Մարտինի։

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք նաեւ՝ մարդոց խնդրանքով, ապահոված են շուրջ 50 անձերու փոխադրութիւնը Հայաստան, ուր անոնք միացած են իրենց ընտանիքներուն։  Կարմիր Խաչը կը շարունակէ կապ հաստատել Արցախի մէջ մնացած թիւով քիչ հայերուն հետ` օգնելով անոնց վերամիանալու Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքներուն հետ եւ կապ պահպանել անոնց հետ՝ հեռաձայնով կամ տեսակապով: «Ասիկա կը շարունակէ շատ կարեւոր տարածաշրջան մը մնալ մեզի համար», յայտնեց Մարտինի։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2023, 09:15