Հասարակութեան մօտ 80%-ը չի վստահիր որեւէ քաղաքական ուժի. (GALLUP )
«GALLUP»-ը ներկայացուցած է ՀՀ անվտանգային եւ ներքաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ հարցումներու արդիւնքները։
Հարցին, թէ դէպի որ երկիր կամ երկիրներ պէտք է ուղղուի ՀՀ քաղաքական միջաշառաւիղը, 40%-ը նշած է, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ հաւասար յարաբերութիւններ ազդեցութեան կեդրոններու հետ, Եւրոպական միութեան հետ նշած է 17%-ը, Ռուիոյ հետ՝ 14 %-ը։ Ըստ Արմէն Նաւասարդեանի 2020 թուականի յունիսին դէպի Ռուսիա նշած էր հարցուածներու 25%-ը եւ այս առումով նուազում եղած է։ 13 %-ը կը կարծէ, որ ՀՀ քաղաքական միջաշառաւիղը պէտք է ուղղուի դէպի Միացեալ Նահանգներ, 4,8 %-ը՝ Իրան, այլ երկիրներ՝ 3,5 %։
Որ երկիրներէն կարելի է ստանալ ռազմաքաղաքական օգնութիւն մեր երկրի համար հարցին հարցուածներու 41,1%-ը պատասխանած է Ֆրանսա, Ռուսիա՝ 14,4%-ը, Իրան՝ 18,7%-ը, ԱՄՆ՝ 23%-ը, Հնդկաստան՝ 21,3%-ը, Չինաստան՝ 1,8%-ը։
Յաջորդ հարցումը այն էր, թէ արդեօ՞ք ՀՀ-ի մէջ կան քաղբանտարկեալներ։
Հարցուածներու 52%-ը նշած է, որ՝ այո կան, 23%-ը նշած է՝ չկան, 25%-ը դժուարացած է պատասխանել։
Յաջորդ՝ եթէ կան, ապա որո՞նք են քաղբանտարկեալներ հարցին 47,2%-ը նշած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի անունը, «Հանրային ձայն» կուսակցութեան նախագահ Արտակ Գալստեանը նշած է հարցուածներու 21,5%-ը, Վանաձորի քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը՝ 19,1%-ը։
Հարցին՝ որքանով կը վստահիք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, հարցուածներու 20,4 %-ը նշած է, որ լիովին կը վստահի, աւելի շուտ կը վստահիմ՝ 13,2 %-ը, աւելի շուտ չեմ վստահիր՝ 18,6%-ը, ընդհանրապէս չեմ վստահիր՝ 35,5%-ը, 12,3%-ը դժուարացած է պատասխանել այս հարցին։
Եթէ յառաջիկայ կիրակի օր ըլլային Խորհրդարանական ընտրութիւններ, ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը քուէարկէիք հարցին 15,6%-ը պատասխանած է, որ կը քուէարկէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին, «Հայաստան» դաշինքի օգտին՝ 4,7%-ը, «Հանրային ձայն» կուսակցութեան օգտին՝ 2,5%-ը, «Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 2,1%, «Հանրապետութիւն կուակցութիւն»՝ 2%, «Պատիւ ունեմ» դաշինք՝ 1,2%, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»՝ 0,4%, «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» կուսակցութիւն՝ 0,2%, «Ուժը հայրենեաց»՝ 0,2%, «Լուսաւոր Հայաստան»՝ 0,2%, «Քաղաքացու որոշում»՝ 0,1%։ 23,5%-ը նշած է, որ չի մասնակցիր ընտրութիւններուն։
«Կալուփ»ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Արման Նաւասարդեանի խօսքով հարցուածներու մօտ 80%-ը չի վստահիր ոչ մէկ քաղաքական ուժի։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ