Որոնել

TOPSHOT-ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-KARABAKH-REFUGEES

Երկու շաբաթուայ ընթացքին Հայաստան տեղահանուած են աւելի քան 30,000 երեխաներ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Հոգեկան առողջութեան համաշխարհային օրուան առիթով՝ 10 Հոկտեմբերին, ԵՈՒՆԻՍԵՖի հայաստանեան գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայ մանուկներու վերաբերեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Հայաստան ժամանող տեղահան ​​երեխաներու մօտ կը նկատուին ծանր հոգեբանական ճնշումի նշաններ»։ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ահազանգն է սա, որ վերջին շաբաթներուն կը զբաղի իրենց տուները լքած երեխաներու եւ ընտանիքներու խնամքով, եւ այսօր՝ 10 Հոկտեմբերին, Հոգեկան առողջութեան համաշխարհային օրուան առիթով, Կազմակերպութիւնը նախազգուշացուցած է, որ․« առանց անյապաղ աջակցութեան այդ մանուկները հոգեկան առողջութեան վատթարացման վտանգի տակ կը յայտնուին»:

Լեռնային Ղարաբաղի մանուկներու հոգեկան առողջութիւնը՝ վտանգի տակ

ԵՈՒՆԻՍԵՖը, որ Կորիս քաղաքի իր գործընկերներու հետ, կը զբաղի օրական մինչեւ 300 երեխաներու խնամքով, տեղեկացուցած է նաեւ, որ «երեխաները կը պայքարին տխրութեան, անհանգստութեան, վախի եւ զայրոյթի բուռն զգացմունքներու հետ, որոնք կը դրսևորուին մղձաւանջներով եւ անմխիթար լացով։ Միւսները մեկուսացած են՝ չկարողանալով արտայայտել զգացմունքները կամ շփուիլ շրջապատի հետ»:

«Ակնյայտ է, թէ ինչ չափով տառապած են այս երեխաները։ Տեղահանութիւնն ու թշնամանքը, որուն գումարուած են զրկանքները, քանդած են անոնց հոգեկան, ֆիզիկական եւ հոգեբանական բարեկեցութիւնը», նշած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչ Քրիսթին Վեյգանդը՝ աւելցնելով, որ․ «Հոգեկան առողջութեան համաշխարհային օրուան առիթով ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կոչ կընէ համարժէք ներդրումներ կատարել՝ երեխաներու հոգեկան եւ հոգեբանական աջակցութեան նպատակով: (․․․) Ասիկա հաւասարապէս կարեւոր է թէ կանխարգիլման եւ անյապաղ աջակցութեան տեսանկիւնէ, թէ աւելի երկարաժամկէտ հեռանկարի ծիրէն ներս, քանի որ ընտանիքները կը շարունակեն յաղթահարել կորուստները և յետվնասուածքի հոգեճնշումը»:

Նշենք, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖը 12,6 միլիոն ԱՄՆ տոլար դրամահաւաքի կոչ ըրած է՝ արցախցի մանուկներուն առաջին վեց ամիսներու ընթացքին անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատուցելու համար, ներառեալ կրթութիւնը, առողջութիւնը, պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ջուրը, սնունդը եւ խնամքը :

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Գլխաւոր տնօրէնը՝ ի պաշտպանութիւն Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մանուկներու

Աւելցնենք նաեւ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Գլխաւոր տնօրէն Քեթրին Ռասելը այսօր՝ 10 Հոկտեմբերին եւս՝ անդրադառնալով պաղեստինա-իսրայէլական պատերազմէն տուժած մանուկներուն, յայտարարած է «Ոչինչ չ’արդարացներ երեխաներու սպանութիւնը, խեղումը կամ առեւանգումը՝ իրաւունքներու լուրջ խախտումներ, որոնք ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը անվերապահօրէն կը դատապարտէ։

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ընենք պաշտպանել երեխաները վտանգներէն՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն»։

«Կենսական է, որ բոլոր կողմերը զերծ մնան քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ յետագայ յարձակումներէն եւ բռնութիւններէն», ըսուած է նաեւ յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2023, 12:43