«3+3» ձեւաչափով Թեհրանի հանդիպումին 9 կէտէ բաղկացած միացեալ յայտարարութիւն որդեգրուած է
Թեհրանի մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումի աւարտին Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները որդեգրած են 9 կէտերէ բաղկացած միացեալ յայտարարութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«1.- Հաշուի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարի դրացնութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը` ընդգծուած է վէճերու խաղաղ կարգաւորման, գերիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, անձեռնմխելիութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքներու կամ ուժի կիրարկման արգիլման կարեւորութիւնը եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներուն հիման վրայ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:
2.- Միջազգային տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները արտայայտելով` քննարկուած են շրջանի առաւել կարեւոր խնդիրները եւ ընդգծուած այնպիսի հարթակներու կարեւորութիւնը, ինչպիսին է «3+3» Խորհրդակցական շրջանային հարթակը շրջանի երկիրներուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման կարելիութիւններ ընձեռելու հարցին մէջ:
3.- Ընդգծուած է տնտեսական համագործակցութեան դրական ազդեցութիւնը փոխադարձ վստահութեան, ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ շրջանի կայունութեան ամրապնդման վրայ:
4.- Կարեւոր նկատուած է մշակութային համագործակցութիւնը, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւնները եւ միացեալ ծրագիրները կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:
5.- Շրջանի կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման ամրապնդման նպատակով կողմերը պիտի ամրապնդեն երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը:
6.- Նախարարները ողջունած են շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման շարունակական հոլովոյթները:
7.- Դրական գնահատելով հանդիպման արդիւնքները` նախարարները հաստատած են Վրաստանի իրաւահաւասար մասնակցութեան համար հարթակի. բաց ըլլալը:
8.- Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակած են Կազայի հատուածին մէջ տիրող կացութեան շուրջ եւ ընդգծած անմեղ քաղաքային անձերուն վրայ յարձակումները անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
9.- Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են Իրանի արտաքին գործոց նախարարի ընդունելութեան եւ այս հանդիպման բարեյաջող կայացման համար»:
Կը նշուի, որ նախարարները համաձայնած են «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կատարել Թուրքիոյ մէջ: Հանդիպման օրը պիտի համակարգուի դիւանագիտական ուղիներով:
Ուաշինկթընի Արձագանգը
«Ինչ կը վերաբերի հայ-ազրպէյճանական հարցին, մենք կ՛ողջունենք որեւէ բարեխիղճ յանձնառութիւն, որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ընթանան այդ բանակցութիւնները, կամ որո՛նք զանոնք կը վարեն», այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` մեկնաբանելով Իրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը:
«Սակայն մենք կ՛ընդունինք նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ Հարաւային Կովկասի նուրբ աշխարհագրական դիրքը, եւ մենք վստահելի գործընկերներ չենք գտած այդ երկիրներուն մէջ», յայտարարած է ան:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ