Որոնել

Ursula von der Leyen takes part in European Campus days

Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները Հայաստանին աջակցելու համար հանդիպում մը պիտի կազմակերպեն

«Ասիկա առաջին քայլն է` ամրապնդելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որովհետեւ Եւրոպա եւ Հայաստան ունին երկար եւ հարուստ ընդհանուր պատմութիւն, եւ եկած է ժամանակը նոր էջ մը բանալու այդ ընդհանուր պատմութեան մէջ», ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն Ֆրանսայի մէջ Եւրոպական համալսարանին մէջ երիտասարդական հաւաքի մը ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, խօսեցաւ Արցախի վրայ 19էն 20 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կատարած յարձակման եւ անոր յաջորդած հայերու «զանգուածային արտագաղթին» մասին:

Շեշտելով, որ ինք կ՛աջակցի Հայաստանին եւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը, որուն պատճառով առաւել քան 100 հազար հայեր արտագաղթեցին՝ ան դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները միասնաբար պիտի կազմակերպեն հանդիպում մը՝ Հայաստանին աջակցելու համար:

«Ասիկա առաջին քայլն է` ամրապնդելու մեր երկկողմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որովհետեւ Եւրոպա եւ Հայաստան ունին երկար եւ հարուստ ընդհանուր պատմութիւն, եւ եկած է ժամանակը նոր էջ մը բանալու այդ ընդհանուր պատմութեան մէջ», ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:

Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան անմիջական առաջնահերթութիւնն է օգնել Հայաստանին` ընդունելու տեղահանուածները եւ այս փորձառութեան մէջ աջակցելու հայկական պետութեան: Եւրոպական Միութիւնը պիտի կրկնապատկէ մարդասիրական անմիջական օգնութիւնը եւ Հայաստանին պիտի տրամադրէ ֆինանսական աջակցութիւն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2023, 09:24