Որոնել

2023.08.26 Concluso il progetto Oasis della scuola Mesrobian

Հայ մամուլին դերն ու առաքելութիւնը. Գրեց Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ

Իբրեւ ընկերային էակ, մարդ արարածը իր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, իր ֆիզիքական սնունդէն զատ, կարիքը ունի նաեւ բանաւոր սնունդի, տեղեկութեան, իր ներկային կամ ապագային հետ աղերս ունեցող անցուդարձներուն հաղորդակից դառնալու անհրաժեշտութեան: Այս կարիքին գոհացում տուող ամէնէն կարեւոր գործօններէն մէկն է մամուլը:

Ճիշդ է որ ներկայիս տեղեկատուութեան ազդեցիկ միջոցներ կան, ինչպէս օրինակ, ձայնասփիւռը, հեռուստատեսիլը, համակարգիչը, եւայլն, բայց այդ բոլորը չեն կրնար փոխարինել մամուլին դերակատարութիւնը:

1794ին երբ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան Մատրասի մէջ հրատարակեց առաջին հայ թերթը՝ «Ազդարար»ը, դարաւոր հայ մշակոյթին վրայ բացուեցաւ փառքի նոր պսակ մը՝ Հայ Մամուլը:

Հայ մամուլը, անփոխարինելի դեր մը ունեցաւ ազգապահպանման ճակատագրական գործին մէջ: Անիկա լրատուութեան մեկնաբանութիւններու եւ տեսակէտներու արտայայտութեան միջոց ըլլալէ զատ, ունեցաւ յաւելեալ եւ կենսական դեր մը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ արթնցնելու եւ վառ պահելու ինքնուրոյն մշակոյթի գիտակցութիւնը:

Հայ մամուլը պատմական բախտորոշ ծառայութիւն մը մատուցանեց, եւ դեռ կը շարունակէ մատուցանել, իբրեւ հանրային կարծիք կերտող, գաղութէ գաղութ կապ հաստատող, ազգային կենսունակութիւն եւ ստեղծարար գործունէութիւն արտադրող ազդու միջոց:

Տարասփիւռ հայութեան համար հայ մամուլը միութեան օղակ մը եղած է, եւ դեռ կը շարունակէ ըլլալ: Անիկա ոգեղէն հոյակապ կամուրջ մը եղած է միջգաղութային եւ համահայկական միատարրութիւն ստեղծելու եւ հայութեան զանազան հատուածները հիմնական հարցերու շուրջ միաւորելու աշխատանքին մէջ:

Կար ժամանակ երբ Հայ մամուլը բազմերես եւ բազմակողմանի հանգամանք ունէր: Ներկայիս պարագան նոյնը չէ: Մեր օրերուն հայ մամուլին դերը որոշապէս փոխուած է: Այսօր տեղական եւ առօրեայ տեղեկատուութիւնը այլեւս հայ մամուլին գործը չէ: Լրատուութեան այլ գործօններ՝ ձայնասփիւռ, հեռուստատեսիլ, համակարգիչ, շատ աւելի արագ եւ ազդու կերպով կը կատարեն այդ դերը: Հայ մամուլը միայն սահմանափակ իմաստով կը լրացնէ հայկական տեղեկատուութեան  

Արդ, ի՞նչ է մերօրեայ Հայ մամուլին դերն ու առաքելութիւնը: Հայ մամուլը Հայ եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբին եւ կազմակերպութեան կողքին, ազգային հաստատութիւն մըն է եւ մեր ազգային պայքարի առաջին գիծի վրայ իր կարեւոր դերը ունի: Անիկա հանրային կրթարան մըն է համահայկական մտածողութիւն ջամբելու եւ հանդիսարանն է մեր ազգային մտահոգութիւններուն, նպատակներուն, երազներուն, ուրախութեանց եւ ցաւերուն: Անիկա մեր ազգային կեանքը մեզի վերահասու դարձնող միջոցն է:

Հայ մամուլը գաղափարներու կազմաւորման հնոց մըն է, հանրային կարծիքի արտայայտիչ, մշակոյթի գիտակցութիւն արթնցնող եւ վառ պահող հզօր ազդակ մը:

 այ մամուլը նաեւ սքանչելի միջոց մըն է հայ լեզուի գործածութեան եւ տարածման վսեմ գործին մէջ: Անիկա ոչ միայն մեր գրականութիւնը կը ճոխացնէ, այլ նաեւ թեւ կու տայ հայ մտքին, ոգիին ու հայ իմացական եւ հոգեկան բոլոր արտայայտութիւններուն:

Հայ մամուլը, տասնամեակներ շարունակ նեցուկ եղած է Հայ Դատին: Անիկա միշտ առաջին գիծի վրայ գտնուած է Հայ Դատի նուիրական առաքելութեան ճանապարհին վրայ: եւ յաճախ աշխատած է եւ դեռ կ՛աշխատի ճանչցնել մեր պահանջատիրութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Հայ մամուլը միշտ ջանացած է մեր ազգային հպարտութիւնը արթնցնել հայ մարդոց հոգիներուն մէջ, որպէսզի անոնք հայու հպարտութիւնը պտտցնեն իրենց հետ՝ այս մոլորակի վրայ ուր որ գտնուին:

Հայ մամուլը միշտ ջատագով եղած է հայրենիքին, այն հաւատքով որ հայրենիքը ամրակուռ կռուանն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան:

Հայ մամուլը, իբրեւ մէկ գործօն մասնիկը հայ մշակոյթին, միշտ շեփորած է հայ մշակոյթը, որպէս կենսական ազդակ հայ ինքնութիւնը վառ պահելու՝ հայ մարդուն մտքին, սրտին եւ հոգիին մէջ:

Յիշելէ ետք հայ մամուլին առաքելութիւնը եւ անփոխարինելի ծառայութիւնը, հարկ է յիշել թէ հայ թերթերը գրեթէ ամէնուրեք տնտեսական տագնապներու եւ հանրային անբաւարար ընկալումի սահմանուած հաստատութիւններ են: Պիւտճէական անհաւասարակշռութեան հետեւանքով անոնք նիւթատնտեսական անբաւարարութենէ կը տագնապին: Այսօր, հայապահպանման միջնաբերդ նկատուող Հայ մամուլը անձկագին մտահոգութիւններու առարկայ է: Դժբախտաբար, շատ վայրերու մէջ հայախօս զանգուածներ հայերէն չեն կարդար:

Մեծ թիւով հայերու կը հանդիպինք, քիչ մը ամէն տեղ, որոնք շատ լաւ հայերէն կրնան կարդալ, բայց ինչ-ինչ պատճառներով, որեւէ հայերէն թերթի չեն բաժանորդագրուիլ:     Ինչպէ՞ս կարելի է հայ ազգային կեանքին մաս կազմել եւ հայ թերթի մը չկապուիլ …:

Հայ մամուլին կատարած այսքան մեծ զոհողութեանց փոխարէն, արդեօք աւելո՞րդ է ակնկալել մեր ժողովուրդէն, որ բաժանորդագրուին հայ թերթին, քաջալերեն զայն նիւթապէս եւ բարոյապէս որպէսզի անիկա ալ, իր հերթին, կարենայ շարունակել իր կարեւոր դերն ու առաքելութիւնը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2023, 08:39