Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Հայ նշանագիրերու անզուգական դերը

Ամէն տարի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող առաջին Հինգշաբթին՝ Հայ Գիրի Օր է, «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ»: Իսկ Խաչվերացի երրորդ Կիրակիին յաջորդող առաջին Շաբաթը Հայ Մշակոյթի Օր է, նուիրուած մեր «Սրբոց Թարգմանչացն Մերոց Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողին, Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփային, Գրիգոր Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն»:

Ամէն տարի, երկու հանդիսաւոր առիթներով, տարասփիւռ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ յիշատակը գիրի եւ մշակոյթի իր տիտաններուն, որոնց կը պարտինք հայ գիրի եւ մշակոյթին գոյատեւումը:

Արդարեւ, ամէն տարի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող առաջին Հինգշաբթին՝ Հայ Գիրի Օր է, «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ»: Իսկ Խաչվերացի երրորդ Կիրակիին յաջորդող առաջին Շաբաթը Հայ Մշակոյթի Օր է, նուիրուած մեր «Սրբոց Թարգմանչացն Մերոց Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողին, Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփային, Գրիգոր Նարեկացւոյն եւ Ներսիսի Կլայեցւոյն»:

1935ական թուականներուն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէգեան յատուկ կոնդակով մը կը թելադրէր, որ մեր թարգմանիչներուն նուիրուած եկեղեցական ծիսական օրը դառնայ համաժողովրդային տօնակատարութեան եւ ոգեկոչումներու «Թարգմանչաց Տօնը»: Շուրջ տասնամեակ մը ետք, 1946ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց «Թարգմանչաց Տօն» տարազը կը վերափոխէր «Մշակոյթի Օր» կոչումին:

Այս տօներուն առաջինը, Հայ Գիրի Օրը կը զուգադիպի առհասարակ Յունիս ամսուան, իսկ երկրորդը՝ Հայ Մշակոյթի Օրը՝ անխախտօրէն Հոկտեմբերին:

Տարակոյս չկայ որ հայ մշակոյթը կենսական ազդակ մըն է հայ ինքնութիւնը վառ պահելու հայ մարդուն մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ: Հայ մշակոյթը հայ ժողովուրդի կերտած քաղաքակրթութեան չափանիշն է, մեր ազգային գոյատեւման երաշխիքը: Իսկ հայ մշակոյթի էական տարրերէն մին հայ գիրն է ու հայ լեզուն: Ոչ ոք կրնայ հերքել այն իրողութիւնը որ առանց սեփական այբուբենի գուցէ հայ մշակոյթը դժուար թէ կարենար գոյատեւել, քանի որ ազգի մը ինքնութեան գոյացման ու պահպանման մէջ բախտորոշ դեր ունի լեզուն:

Անտարակոյս, հայ գիրերու գիւտը, 404–406ին, բախտորոշ դարձանկիւն մը եղաւ մեր ազգային կեանքին մէջ: Շիտակ է որ հայ ժողովուրդը 5րդ դարէն առաջ ունէր բանահիւսութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ: Հայ գիրերու գիւտով, սակայն, մեր մշակոյթը ստացաւ ազգային դրոշմ ու նկարագիր:

Մեսրոպ Մաշտոցի հայ նշանագիրերու գիւտով մեր լեզուն զարգացաւ եւ բիւրեղացաւ, իր բառերու եւ իմաստներու շքեղ շարադրութեամբ, իր քերականական եւ հնչաբանական անխախտ սկզբունքներով:

Սուրբ Մեսրոպի գիւտին գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչ մատեանը, հայ պատմիչին խօսքով, «ինքեան ձայնիւ» եւ ո՛չ թէ «մուրացածոյ բարբառով»: «Ինքեան ձայնը» մայրենի լեզուն էր, իսկ «մուրացածոյ բարբառը» ասորերէնն էր, որով կը կատարուէին եկեղեցական ծիսակատարութիւններն ու ընթերցումները հայ եկեղեցիներուն մէջ:

Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ նոր դռներ բացուեցան հայագիր ու հայաստեղծ մշակոյթին: Թարգմանուեցան անցեալի եւ ժամանակի յայտնի փիլիսոփաներու եւ աստուածաբաններու գործերը, ինչպէս նաեւ գիտական հատորներ ու բազմաթիւ նորաբաց դպրոցներ իրենց յարկերուն կապեցին ուսման ծարաւ հայ ժողովուրդի զաւակները:

Արդարեւ, 5րդ դարու առաջին կիսուն Ս. Գիրքի եւ կրօնական գիրքերու, պատմա-իմաստասիրական բազմաթիւ գիրքերու հայացումը եւ ստեղծագործական այն հզօր արշաւը, հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանին կ՛ընծայաբերէր աննախընթաց նպաստ մը, որ պիտի դառնար կարեւոր հիմնաքար մը ազգային մեր կառոյցին:

Այսպէս, հայ նշանագիրերու գիւտէն մինչեւ Վարդանանց պատերազմ (406–451), այդ 45 բախտորոշ տարիներուն, հայ ժողովուրդը կրցաւ կերտել հայ գրականութեան Ոսկեդարը: Այնուհետեւ, ի հեճուկս աշխարհակալական արշաւանքներու, հայ ազգը թէեւ դարձաւ քաղաքականապէս հարկատու եւ հպատակ, բայց մնաց միշտ մշակութապէս անկախ եւ գերիշխան, թէեւ կորսնցուց իր քաղաքական անկախութիւնը, բայց կրցաւ պահել իր ազգային ինքնութիւնը շնորհիւ հայ մշակոյթին:

Այսօր երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր ժամանակակից օրերէն մինչեւ հինգերորդ դար՝ այն ինքնապարտադիր եզրակացութեան կը յանգինք, որ մեր առաջին թարգմանիչները՝ գլխաւորութեամբ հայ մշակոյթի գլխաւոր առաքեալներուն՝ Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մեսրոպի, մեզի ընծայեցին այնպիսի «թագաւորութիւն» մը, որ խարսխուած կը մնայ հայկազեան այբենարանի երկաթագիրերուն ու կրանիթեայ հաւատքին վրայ: Այդ «թագաւորութիւն»ը մեզի կտակուած բոլոր ժառանգութիւններուն մեծագոյնն է:

«Մեր էութիւնն ու ինքնութիւնը» եղող Այբուբենը դարեր շարունակ կեանքի լոյսն ու յոյսը եղած է հայ ժողովուրդին: Անով է որ մեր քերթողները, պատմիչները, թարգմանիչները մեր մշակոյթի ջահը անմար պահեցին եւ զայն յանձնեցին յետնորդ սերունդներուն: Անով է որ երբ մենք ժողովուրդ էինք ազգ դարձանք: Անիկա մեզ պահեց իբրեւ հայ եւ դեռ պիտի պահէ այնքան ատեն որ մենք զինք պահենք:

(Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

ՎԵՐ.ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 08:56