Որոնել

«3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում «3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում  (ANSA)

Իրանի մէջ՝ «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում

Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները 23 Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ ունեցան «3+3» ձեւաչափով հանդիպում մը, որուն նպատակն էր՝ քննարկել Հարաւային Կովկասի հարցերը եւ փորձել ընդլայնել շրջանային համագործակցութիւնը:

«Ինքնիշխանութեան Յարգմամբ՝ Հայաստան Պատրաստ Է Մաս Կազմել Տարածաշրջանային Ենթակառուցուածքային Նախագիծերին». Միրզոյեան.

Հայաստանի, Իրանի, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները 23 Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ ունեցան «3+3» ձեւաչափով հանդիպում մը, որուն նպատակն էր՝ քննարկել Հարաւային Կովկասի հարցերը եւ փորձել ընդլայնել շրջանային համագործակցութիւնը:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, 2024ի առաջին կիսուն: 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ այս ձեւաչափով նախարարական հանդիպումը կրնայ դառնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման անկիւնաքարը:

Ան նշեց, որ հարթակը կրնայ հիմք ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ հանդարտութեան հաստատման եւ մարտահրաւէրներու լուծման:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ամփոփելով Հարաւային Կովկասի հարցերու «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի նախարարական հանդիպումը՝ յայտարարեց, որ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովումը կարելի է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեամբ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ, որ պաշտօնական Պաքու կ՛ակնկալէ Երեւանի «փոխադարձ քայլերը եւ կառուցողական մօտեցումը՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող հարցերու արագ լուծման ուղղութեամբ»: Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստան այլեւս չի կորսնցներ տարածաշրջանային հարցերու ամբողջական կարգաւորման այս եզակի հնարաւորութիւնը:

Պայրամով վերահաստատեց «միմեանց օրինական շահերը յարգելու վրայ հիմնուած Հայաստան – Ատրպէյճան խաղաղութեան արդար եւ հաւասարակշռուած առաջարկը»: 

Ատրպէյճանի կողմէ իր ինքնիշխանութեան ամբողջական վերականգնումը Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր հեռանկար կը բանայ, յայտնեց ան: 

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող «3+3» ձեւաչափով հանդիպումին ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ կան հարցեր, շատ բարդ հարցեր, կայ պատմութիւն, եւ այդ հարցերը պէտք է հասցէագրուին, այլապէս տարածաշրջանը դատապարտուած պիտի ըլլայ ընդմիշտ մնալ անցեալին մէջ: Ըստ անոր՝ ներկայ հարցերու կարգաւորումը կրնայ տարածաշրջանին մէջ ապահովել համագործակցային մթնոլորտ՝ իբրեւ զարգացման կարեւոր երաշխիք:

Ընդգծելով, որ ապագայի ծրագիրները կարելի չէ կեանքի կոչել, եթէ տարածաշրջանային համակեցութեան՝ միջազգային իրաւունքով սահմանուած կարմիր գիծերը չյարգուին բոլորին կողմէ՝ Միրզոյեան իբրեւ ուղենիշ՝ լուսարձակի տակ առաւ ՄԱԿի կանոնադրութեան նպատակները եւ սկզբունքները եւ մասնաւորաբար ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման բացառումը, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: «Ընդ որում, կարեւոր է հաւատարմութիւնն այս սկզբունքներին ինչպէս մեր գործողութիւններում, այնպէս էլ մեզանից իւրաքանչիւրի հռետորաբանութեան մէջ: Ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) եւ սպառնալիքներով լի հռետորաբանութեան պայմաններում դժուար է պատկերացնել նպաստաւոր մթնոլորտի ստեղծում, որը թոյլ կը տայ կեանքի կոչել տարածաշրջանային յաւակնոտ նախագծեր: Հայաստանն, իր հերթին, հաւատարիմ է այս սկզբունքներին», շեշտեց Միրզոյեան:

Ան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը՝ տնտեսութեան, ուժանիւթի, ջուրի պաշարներու կառավարման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, լինելով դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն, շահագրգռուած է տարածաշրջանում բոլոր ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմամբ եւ հետագայ զարգացմամբ: Պետութիւնների ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքների հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է մաս դառնալ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային նախագծերին: Մենք կարծում ենք, որ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք տրանսպորտային ուղիների հատումը մեր տարածաշրջանում եւ այդ թւում՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում, իւրօրինակ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կարող է դառնալ մեզ բոլորիս համար»:

Ըստ Միրզոյեանի՝ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ յատկապէս երկաթուղային ենթակառուցուածքներու՝ միմեանց համարկման գործընթացը, որուն կարգին՝ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու կառուցման կամ վերագործարկման միջոցով. Հայաստան շահագրգիռ է Ատրպէյճանի տարածքով երկաթուղային կապ ունենալ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ՝ փոխադարձութեան սկզբունքով ապահովելով իր տարածքով անցնող երկաթուղիի հասանելիութիւնը տարածաշրջանային միւս երկիրներու, ինչպէս նաեւ այլ միջազգային անցման համար: Այս պարունակին մէջ նուազ կարեւոր չէ նաեւ Գիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերագործարկումը, ինչպէս նաեւ Հիւսիս-հարաւ նախագիծի մէկ ճիւղի՝ Հայաստանի տարածքով անցումը:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

«3+3» հանդիպումի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի ունեցան հանդիպում մը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Քննարկուեցան ընթացիկ տարածաշրջանային եւ երկկողմ օրակարգային հարցեր:

Վերահաստատուեցաւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կատարելու պատրաստակամութիւնը:

Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2023, 08:15