Որոնել

Israeli forces along the border with Gaza

Իսրայէլեան ցամաքային ուժեր իրերայաջորդ 2-րդ օրն ըլլալով Կազա ներթափանցման գործողութիւն կատարեցին

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ «ցամաքային ուժերը գիշերուան ընթացքին համեմատաբար մեծ գործողութիւն կատարեցին»` աւելցնելով. «Մեր ուժերը Կազայի մէջ ցամաքային կեդրոնացուած յարձակումներ կատարեցին եւ թիրախ դարձուցին ենթակառոյցներ` առ ի պատրաստութիւն ցամաքային ճակատամարտին»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր հինգշաբթի գիշեր ցամաքային յարձակում կատարած են Կազայի վրայ:

Իսրայէլեան բանակի 36-րդ զօրամասի ուժերը` բաղկացած հետեւակներէ, զրահապատ մեքենաներէ եւ սակրաւորներէ, մուտք գործած են Կազա եւ թիրախաւորած Համասի դիրքեր: Ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Կը նախատեսուի, որ (այդ ուժը) շուտով նահանջէ»:

Աւելի ուշ, Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ գործողութեան նպատակը Կազայի Շուժաաիա թաղին եւ Կազայի այլ կողմերու մէջ Համասի պատկանող թիրախներ հարուածելը եղած է: «Մեր ուժերը իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնելէ ետք առանց իրենց շարքերուն մէջ կորուստներու հեռացան շրջանէն», նշեց Ատրահի:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հինգշաբթի գիշեր նշեցին, որ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինեան դիմադրութեան միջեւ կեդրոնական Կազայի Պրէյժ շրջանին մօտ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ իսրայէլեան զինուորական մեքենաներ Պրէյժ ներթափանցած են: Բախումներու ընթացքին իսրայէլեան բանակը ուղղաթիռներու օժանդակութեան դիմած է:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ «ցամաքային ուժերը գիշերուան ընթացքին համեմատաբար մեծ գործողութիւն կատարեցին»` աւելցնելով. «Մեր ուժերը Կազայի մէջ ցամաքային կեդրոնացուած յարձակումներ կատարեցին եւ թիրախ դարձուցին ենթակառոյցներ` առ ի պատրաստութիւն ցամաքային ճակատամարտին»:

Նշենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» երէկ գրեց, որ «Իսրայէլ տակաւին չորոշեց, թէ Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւն պիտի կատարէ՞, թէ՞ ոչ»` աւելցնելով. «Իսրայէլացի ղեկավարները, որոնք խոստացան Համասէն վրէժ լուծել, տակաւին այս մէկը ինչպէս կատարելու շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուցին»:

Օրաթերթին համաձայն, իսրայէլացի ղեկավարները կը վիճին, թէ ատիկա մէկ մեծ գործողութեան ձեւով ներխուժում կատարելո՞վ պիտի ըլլայ, թէ՞ աւելի փոքր գործողութիւններու շարքով:

Պաղեստինեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան մեծ ուժ մը աւելի քան 40 մեքենաներով երէկ արշալոյսին ներխուժած է Այսրյորդանանի Ժենին քաղաք, ուր մուտք գործած է Ըպըն Սինա հիւանդանոցի մերձակայքին մօտ գտնուող շէնքեր ու բնակարաններ: Շրջանին մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են:

Ռուսական «Քոմմերսանթ» կայքը հաղորդեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ յայտնած է, որ Կազայի դէմ յարձակումի շարունակութիւնը ամբողջ շրջանը վերահսկողութենէ դուրս պիտի բերէ:

«Կազայի մէջ դիմադրութիւնը կը շարունակուի. արաբ եւ իսլամական ազգերու ժողովուրդներուն եւ աշխարհի ազատ մարդոց կոչ կ՛ուղղեմ այս դիմադրութեան եւ յեղափոխութեան գումարով եւ զէնքով աջակցելու», ըսած է Հանիէ:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր նախագահներուն, ղեկավարներուն, գաղափարական առաջնորդներուն եւ կարծիք ձեւաւորողներուն յստակ եւ լիարժէք կերպով վերահաստատելու պաղեստինեան դիմադրութեան օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ Համասի օրինականութիւնը», աւելցուցած է ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 08:25