Իսրայէլ-Կազա բուռն ճակատումը կը շարունակուի
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Համաս առաջին անգամ ըլլալով լայնածաւալ կերպով օգտագործած է յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր` նշելով, որ Հըզպալլան շատ աւելի զարգացած տարբերակներ ունի:
Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ պաղեստինցի զինեալները բուռն ռմբակոծման տակ ներթափանցած են «20 բնակեցման վայր եւ իսրայէլեան բանակի 11 ճամբար ու ռազմակայան»: 800-էն 1000 զինեալներ Կազայի շուրջ կառուցուած ցանկապատէ 80 կէտերէ անցնելով ներթափանցած են իսրայէլեան կողմ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանի զինուորական հարցերու վերլուծաբանը յայտնեց, որ Համաս օգտագործած է հաղորդակցութեան կապ մը, որմէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնները բնաւ տեղեակ չեն եղած:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով իսրայէլեան բանակի բանբերի մը, հաղորդեցին, որ բանակի ղեկավարութիւնը չի բացառեր, որ զինեալները յաջողին Կազայէն դուրս գալ` օգտագործելով փապուղիները: Անոնք նաեւ հաղորդեցին, որ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը խոստովանած է, որ իր գնահատման մէջ սխալած է, երբ յայտնած է, թէ` «Համասը 15 տարի սանձուած է»:
Կազայի մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը իր յարձակումին մէջ մագլցում արձանագրած է` առաւօտեան ժամերուն գործելով իրերայաջորդ հարիւրաւոր օդային յարձակումներ, որոնց թիրախները բարձրայարկ շէնքեր են, քաղաքային ենթակառոյցներ եւ շարք մը մզկիթներ: Արձանագրուած է 400 զոհ եւ 2200 վիրաւոր: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլացի զոհերուն թիւը բարձրացած է 800-ի:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով պաշտօնական բարձրաստիճան աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ իսրայէլացի զոհերուն թիւին կարելի չէ յարմարիլ, եւ անիկա յայտարարուածէն շատ աւելի բարձր է:
Համասի զինեալ թեւի` Քասսամի փաղանգներու բանբեր Ապու Ուպէյտա յայտարարեց. «Իսրայէլեան բռնագրաւում ուժերուն երէկ գիշեր եւ այսօր Կազան ռմբակոծելը յանգեցուց թշնամիէն 4 գերիներու մահուան եւ զանոնք գերի պահող Քասսամէն ժիհատականներու նահատակութեան»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հրամայեց ամբողջութեամբ շրջափակել Կազան: «Ես հրամայած եմ ամբողջութեամբ շրջափակել Կազան: Ո՛չ լոյս, ո՛չ սնունդ, ո՛չ կազ, ամէն ինչ փակ է: Մենք կը պատերազմինք մարդկային կենդանիներու հետ եւ ըստ այնմ կը գործենք», ըսաւ Կալանթ:
Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կեդրոնացած է Համասի յարձակումներու դադրեցման ու գերիներու ազատ արձակման վրայ, չինական «Քսինկհուա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համաս շարժումէն ղեկավար մը Քաթարին յայտնած է, որ շարժումը դէմ չէ գործարքի մը, որ բոլոր պաղեստինցի կին գերեվարուածներու ազատ արձակումը կ՛ապահովէ:
Աղբիւրը նշեց, որ Քաթար ամերիկեան զօրակցութեամբ աշխատանք կը տանի գոյացնելու անյապաղ համաձայնութիւն մը, որ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող 36 կին պաղեստինցիներու ազատ արձակման դիմաց Համասի կողմէ գերեվարուած կին իսրայէլացիներու ազատ արձակումը կ՛ապահովէ:
Իսրայէլեան նախատեսութիւններու համաձայն, պաղեստինեան կողմին մօտ կը գտնուին 150 իսրայէլացի գերիներ, որոնցմէ առնուազն 30-ը Իսլամական Ժիհատի մօտ: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, գերիներու շարքին են իսրայէլացի բարձրաստիճան սպաներ:
Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ պատերազմի հարցով արտակարգ նիստ գումարեց, սակայն չկրցաւ միասնական յայտարարութեան համար պահանջուող միաձայնութեան հասնիլ:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ խորհուրդի 15 անդամներուն կոչ ուղղած է խստօրէն դատապարտելու Համասը: «Շատ երկիրներ կան, որոնք դատապարտած են Համասի յարձակումները: Ակնյայտ է, որ ոչ բոլորը», հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է ամերիկացի աւագ դիւանագէտ Ռապըրթ Վուտը:
Ապահովութեան խորհուրդը շուրջ 90 վայրկեան նիստ գումարած է եւ լսած ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանագնաց Թոր Վենեսլանտի խօսքը: Դիւանագէտները ըսած են, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները աւելի լայն ուշադրութեան յոյս ունեցած են, քան Համասը դատապարտելը:
«Իմ ուղերձն էր անյապաղ դադրեցնել մարտերը եւ անցնիլ զինադադարի ու բովանդակալից բանակցութիւններու, ինչի մասին Ապահովութեան խորհուրդը կը խօսի տասնամեակներ շարունակ», ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որոնք, իբրեւ 2020 թուականի շրջադարձային համաձայնագիրի մաս կարգաւորած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները, յայտարարած են, որ Ապահովութեան խորհուրդի աւելի շատ հանդիպումներ կ՛ակնկալեն ճգնաժամին վերաբերեալ: «Կը կարծեմ` բոլորն ալ կը հասկնան, որ այսօր կացութիւնը մտահոգիչ է: Խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ կը կարծեն, որ քաղաքական հորիզոնը, որ դէպի երկու պետութիւններու ստեղծման մասին որոշում կը տանի, միակ ճամբան է այս տագնապը վերջնականապէս լուծելու համար», ըսած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Լանա Զաքի Նուսէյպէ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ