Ըստ «Կարմիր խաչ»ին Կազայի վիճակը «յուսահատ»
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) գործառնութիւններու բաժնի տնօրէն Մարթին Շուփը «ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակցի հետ զրոյցին յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական իրավիճակը կարելի է միայն յուսահատ որակել, եւ իրավճակը նկարագրելու համար դժուար է բառեր գտնել։
«Իրավիճակը Կազայի հատուածին մէջ ոչ այլ ինչ է, քան յուսահատ: Եւ այդ, թերեւս, մեղմ ըսուած է: Դժուար է բառեր գտնել նկարագրելու այն, ինչ կը տեսնեն տեղւոյն մէջ մեր գործընկերները... Մենք չենք կրնար համեմատել այն, ինչ այսօր կը տեսնենք անցեալին մեր տեսածի հետ»,- ըսած է Շուփը:
Անոր խօսքով՝ Կազայի մէջ աւերածութիւններու, տեղի բնակչութեան յուսահատութեան ու տեղահանման չափերն ահռելի են։ Հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել իրենց տուներն ու ապրիլ բաց երկինքի տակ, ուր հազիւ կը կարենան ջուր ու սնունդ գտնել։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ