Որոնել

Միջազցային կարմիր խաչ Միջազցային կարմիր խաչ 

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Արցախի նախկին նախագահներուն եւ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած միւս անձերուն

Լեմքինի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հիմնարկը Պիտի Քննարկէ Գործիչներու Վերադարձի Հարցը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները 20 հոկտեմբերին այցելած են Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին, Արայիկ Յարութիւնեանին, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, զօրավարներ Դաւիթ Մանուկեանին եւ Լեւոն Մնացականեանին, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է ԿԽՄԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին:

«Տեսակցութիւնները անցած են ըստ մեր սովորական ընթացակարգերուն, եւ հանդիպումներուն ժամանակ նաեւ բոլորին կարելիութիւն տրուած է` կապ հաստատելու իրենց հարազատներու հետ: Միեւնոյն ժամանակ, հոկտեմբերին մեր կազմակերպութեան ներկայացուցիչները տեսակցած են նաեւ միւս պահուող անձերուն, որոնց ձերբակալումը Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հաստատած է ԿԽՄԿ-ին: Նոյն ընթացակարգերով կազմակերպութեան ներկայացուցիչները առանձնազրոյցներ ունեցած են այլ պահուողներու հետ եւ կարելիութիւն ընձեռած կապ հաստատելու հարազատներուն հետ», նշած է Ամատունի:

Լեմքինի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հիմնարկը Պիտի Քննարկէ Գործիչներու Վերադարձի Հարցը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան իր դիմատետրեան էջին վրայ յայտնած է, որ Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը պիտի քննարկէ Արցախի Հանրապետութեան առեւանգուած գործիչներու վերադարձի հարցը:

Հիմնարկի գործադիր տնօրէն Էլիզա ֆոն Եոտեն-Ֆորկին արձագանգելով Թովմասեանի նամակին նշած է. «Մենք շատ մտահոգուած ենք եւ յանձնառու ենք ապահովելու, որ ներկայիս պատանդառութեան մէջ գտնուողները զերծ ըլլան վնասներէն եւ շուտափոյթ ազատ արձակուին 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին գերեվարուածներուն հետ միասին: Ես պիտի հանդիպիմ մեր խումբին հետ` քննարկելու այն ուղիները, որոնցմով Լեմքինի հիմնարկը կրնայ օգնել: Յոյսով եմ, որ շատ շուտով ձեր համար աւելի շատ տեղեկութիւններ կ՛ունենամ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2023, 08:05