Որոնել

Միջազցային կարմիր խաչ Միջազցային կարմիր խաչ 

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն

ոկտեմբեր ամսուն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս տեսակցեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայերուն հետ: Տեսակցութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ունենան:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանին, Բակօ Սահակեանին, Արայիկ Յարութիւնեանին, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանին, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանին եւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին:

«Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարիելման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի ըսաւ հետեւեալը. «Այցը կայացել է Հոկտեմբերի 20ին ԿԽՄԿ ստանդարտ (չափորոշուած) ընթացակարգերի շրջանակներում: Ձերբակալուածներին հնարաւորութիւն է տրուել կապ հաստատել հարազատների հետ»:

Ամատունի ընդգծեց, որ Հոկտեմբեր ամսուն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի  ներկայացուցիչները անգամ մը եւս տեսակցեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայերուն հետ: Տեսակցութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ունենան:

Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2023, 07:50