Որոնել

Iranian President Ebrahim Raisi speaks during a meeting with the cabinet in Tehran

«Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ Թրքական եւ Իրանեան հակասող յայտարարութիւններ

Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Զանգելանի շրջանի Աղբանդ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքս գետի վրայով Ատրպէյճանէն Իրան տանող ճանապարհային կամուրջի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Կը հաղորդուի, որ կամուրջի կառուցման զուգահեռ պիտի ստեղծուին սահմանային եւ մաքսային ենթակառուցուածքներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 9 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանէն կ՛ակնկալէ բանականութեան եւ իրականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն, որ պիտի միտի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ բարգաւաճման:

Կառավարութեան նիստէն ետք, ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ, Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա «պատրաստ է քայլ առ քայլ զարգացնել յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստան կատարէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի  բացման վերաբերեալ իր խոստումները»։

Ան նաեւ կոչ ուղղեց Իրանին՝ «մասնակցելու այդ պատմական նախագիծին, որ ճամբայ պիտի բանայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման քաղաքական ու տնտեսական քայլերուն»:

Միւս կողմէ, աւելի կանուխ, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստին  Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կատարած յայտարարութիւնը՝ դիտել տուած էր, որ վերջինս կը փափաքի արագացնել Իրանի միջով Նախիջեւան տանող ճամբու կառուցումը։

Նիստին ընթացքին Ռայիսի նաեւ ընդգծեց Արաքսի սահմանային անցակէտի շինարարութեան արագացման կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ այս նախագիծի մեկնարկը պիտի բարձրացնէ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերու մակարդակը:

Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Զանգելանի շրջանի Աղբանդ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Արաքս գետի վրայով Ատրպէյճանէն Իրան տանող ճանապարհային կամուրջի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Կը հաղորդուի, որ կամուրջի կառուցման զուգահեռ պիտի ստեղծուին սահմանային եւ մաքսային ենթակառուցուածքներ:

Ըստ կողմերուն` «ստեղծուած ինքնաշարժներու եւ սահմանային-մաքսային ենթակառուցուածքները պիտի ծառայեն բեռնափոխադրութիւններու յաւելման եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն մուտքը եւ ելքը դիւրացնելուն»:

Աղբիւրը Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2023, 08:28