Գահիրէի «Խաղաղութեան վեհաժողով»-ի ընթացքին Կազայի բնակչութեան տեղահանումը մերժող եւ յարձակումը դադրեցնել պահանջող կեցուածքներ
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շաբաթ օր Գահիրէի մէջ Պաղեստինի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ «Եգիպտոսի խաղաղութեան վեհաժողով»-ի բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Կազայի մէջ միլիոնաւոր անձեր առանց խտրութեան հաւաքական պատիժի կ՛ենթարկուին»` աւելցնելով. «Կը մերժենք պաղեստինցիներուն դէպի Սինա բռնի տեղահանութիւնը, որովհետեւ ատիկա պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարի մսխում է»:
«Պաղեստինեան դատի լուծումը արդարութեան ճամբով կ՛ըլլայ, եւ ոչ թէ` ամբողջ ազգ մը Եգիպտոս տեղափոխելով», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Եգիպտոսը բացարձակ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու տեղահանութիւնն ու Եգիպտոսի մէջ բնակեցումը:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը իր կարգին յայտնեց. «Կազայի դէմ բուռն ռմբակոծման արշաւը մերժելի է» եւ անմեղ բնակչութեան հաւաքական պատիժ ու «պատերազմական ոճիր մը»: Ան դատապարտեց Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ քաղաքայիններու դէմ գործուած բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ բռնարարքները:
«Իսրայէլեան ծայրայեղական ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը փոխան խաղաղութեան հիմնուեցաւ անվտանգութեան վրայ, եւ երկու պետութիւններ սկզբունքներով լուծումը անկարելի դարձուց», ըսաւ թագաւորը:
«Պաղեստինցիներուն կեանքը իսրայէլացիներու կեանքէն նուազ արժէքաւոր չէ», եւ «Կազայի բնակչութեան տեղահանութիւնը պատերազմական ոճիր կը նկատուի եւ մեզի համար կարմիր գիծ է», յայտնեց Ապտալլա Բ. թագաւոր:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց. «Տեղահանութիւնը պիտի չընդունինք եւ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն պիտի մնանք մեր հողին վրայ»:
Ան զգուշացուց Երուսաղէմի մէջ սրբազան վայրերու եւ Աքսայի մզկիթին վրայ «բռնագրաւումին ու բնակեցուածներուն յարձակումներէն», ինչպէս նաեւ «Կազայի մեր ժողովուրդը տեղահանելու» փորձերէն:
Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանի յայտնեց. «Անվտանգութիւն կարելի է հաստատել միայն բռնագրաւումի եւ ցեղային խտրականութեան քաղաքականութեան չքացումով»:
«Պաղեստինցիներու համար բացի անոնց հողէն տեղ չկայ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Կը մերժենք բռնի տեղահանման քաղաքականութեան վերադառնալը»: «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմական ոճիր է, եւ Իրաք կը մերժէ Կազայի բնակչութեան տեղահանութիւնը: Պէտք է անմիջապէս զինադադար հաստատել եւ ամբողջովին վերցնել պաշարումը», ըսաւ ան:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ թագաւորութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը, ուր որ ալ ատիկա տեղի ունենայ, եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ «Իսրայէլին ստիպել յարգել միջազգային օրէնքը»:
Պըն Ֆարհան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիները տեղահանելու քաղաքականութիւնը եւ խաղաղութեան կը կառչի` իբրեւ ռազմավարական ընտրանք:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութիւններ, սննդեղէն եւ դեղորայք անյապաղ մտցնելու Կազա, պաշտպանելու քաղաքայինները եւ հիւանդանոցներու եւ դպրոցներու թիրախաւորումը դադրեցնելու:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շեշտեց, որ պէտք է Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովել, եւ այդ հարցին շուրջ համակարգում կատարել Եգիպտոսի հետ:
Վեհաժողովին կը մասնակցէին 18 երկիրներ: Ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչներ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ