Պայտըն, Թրիւտօ, Մաքրոն, Շոլց, Մելոնի Եւ Սունաք Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն որդեգրած են
Սպիտակ տունը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճինա Մելոնիի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ բախումին վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւնը:
Պայտըն մէկ օր առաջ զրուցած է վերոնշեալ ղեկավարներուն հետ:
Ղեկավարները իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Իսրայէլին ու ահաբեկչութենէն պաշտպանուելու անոր իրաւունքին եւ կոչ ուղղած են պահպանելու միջազգային մարդասիրական օրէնքը, ներառեալ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը:
Անոնք ողջունած են Համասի կողմէ երկու գերիի ազատ արձակումը եւ կոչ ուղղած անյապաղ ազատ արձակելու մնացեալ բոլոր գերիները: Անոնք պարտաւորուած են սերտօրէն համակարգելու քայլերը` աջակցելու համար շրջանին մէջ իրենց քաղաքացիներուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք կ՛ուզեն լքել Կազան:
Ղեկավարները ողջունած են Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն առաջին մարդասիրական շարասիւններու հասնելու յայտարարութիւնը եւ պարտաւորուած են շարունակելու համակարգումը շրջանի գործընկերներուն հետ` ապահովելու սնունդի, ջուրի, բժշկական օգնութեան եւ մարդասիրական կարիքները բաւարարելու համար անհրաժեշտ այլ օգնութեան կայուն եւ անվտանգ հասանելիութիւն:
Ղեկավարները պարտաւորուած են շարունակել դիւանագիտական սերտ համակարգումը, ներառեալ շրջանի առանցքային գործընկերներու հետ` կանխարգիլելու տագնապին տարածումը, կայունութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխատելու դէպի տագնապի քաղաքական լուծում ու կայուն խաղաղութիւն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ