Որոնել

Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ 

Կազայի հատուածին մէջ 180,000 պաղեստինցի լքած են իրենց տուները. ՄԱԿ

Իսրայէլը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի հատուածը՝ հարուածելով բնակելի շէնքեր:

ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւնը յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ կայ 180,000 ներքին տեղահանուած անձ, որոնցմէ 137,500-ը պատսպարուած է ՄԱԿ-ի  83 դպրոցներու մէջ: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

Մինչդեռ aljazeera.com-ը աւելցուցած է, որ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է ստեղծելու «անվտանգ միջանցք՝ ապահովելու շտապ բժշկական օգնութեան մուտքը Կազայի հիւանդանոցներ»։

Իսրայէլը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի հատուածը՝ հարուածելով բնակելի շէնքեր:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2023, 09:33