Աւստրալիոյ մէջ. «Միջազգային հասարակութենէն կը պահանջենք Սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութիւն ապահովել Սուրիոյ մէջ, ոչ Լիբանանի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աւստրալիա կատարած իր հովուապետական այցելութեան աւարտին ներկայ գտնուեցաւ լիբանանեան գաղութին մէջ մարոնի համայնքի 50-ամեակին նուիրուած ընթրիքի մը, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն` լիբանանցի քաղաքացիները հիւրընկալելու առիթով:
Ռայի պատրիարքը Աւստրալիոյ օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը խնդրեց` լուծելու համար Լիբանանի տագնապները:
Ան նշեց, որ հիմնական վախը զինք շրջապատող միջազգային տագնապներէն Լիբանանի ծաւալած դրական չէզոքութիւնն է` աւելցնելով, որ երբ Լիբանան քրիստոնեայ համայնքին ազդեցութեան տակ էր, ապա ան Արեւելքի Զուիցերիան էր, սակայն այդ ազդեցութիւնը սկսած է սահմանափակ դառնալ: «Այսօր այդ ազդեցութիւնը աւելի եւս կը լուսանցքայնացուի, երբ հանրապետութեան մարոնի նախագահի ընտրութիւնը կ՛ուշանայ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Լիբանան հասած երկու միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն` հաստատելով, որ անիկա երկրին համար քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ մշակութային բեռ է, իսկ միջազգային ընտանիքը ոչինչ կ՛ուզէ լսել անոնց տունդարձին մասին:
«Սուրիացի տեղահանուածներուն կ՛ըսենք, որ անոնք իրենց երկրին` Սուրիոյ տէր պէտք է կանգնին, իսկ միջազգային հասարակութենէն կը պահանջենք սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութիւն ապահովել` Սուրիոյ մէջ, ոչ Լիբանանի», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ