Վերջին տուեալներով Հայաստան մուտք գործած է 2906 արցախցի հայրենակից
Սեպտեմբեր 25-ին ժամը 06:00 դրութեամբ ԼՂ-էն Հայաստան մուտք գործած է բռնի տեղահանուած 2906 անձ։ Յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։
Անոնցմէ 2100-ի վերաբերեալ հաշուառման տուեալներն ամփոփուած են, իսկ 794-ի կարիքներու գնահատումը նոյնականացման փուլի մէջ է:
2100 հաշուառուածներէն մօտ 1000 անձ մեկնած է իրենց կողմէ որոշուած կեցութեան վայրեր, իսկ միւս 1100-ին կառավարութիւնը ապահոված է կեցութեան վայրով (մէկ մասի տեղաւորումը դեռ ընթացքի մէջ է)։
Ամբողջ գիշերուան ընթացքին բռնի տեղահանուած անձանց հոսքը շարունակուած է: Աջակցութեան կարիքներու հաշուառման եւ կեցութեան պայմաններով ապահովման աշխատանքներն ընթացած են ողջ գիշերուան ընթացքին եւ կը շարունակուին։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ