Որոնել

2023.09.02 Supremo Consiglio Chiesa Armena Apostolica - Etchmiadzin

Ազրպէյճանը ոչ միայն կը ձգտի գրաւել Արցախը, այլեւ՝ ՀՀ-ն․ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Արձանագրուեցաւ, որ 2023թ. Հոկտեմբեր 1-ին Միւռոնօրհնէքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քոյր Եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն ու աշխարհասփիւռ թեմերէն բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերեւ հաւատացեալ ուխտաւորներ։ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ծիրէն ներս՝ Սեպտեմբեր 30-ին Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Խաղաղութեան աղօթք» միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, իսկ Հոկտեմբեր 8-ին՝ եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւն։

Օգոստոս 28-31 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը: Ժողովի նիստերը վարեցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։

Ազրպէյճանական յարձակումներու եւ աշխարհաքաղաքական բարդ զարգացումներուն հետեւանքով Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, ԳՀԽ անդամ, ի.գ.դ. Գէորգ Դանիէլեանը եւ «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանը։

Խիստ մտահոգութեամբ արձանագրուեցաւ, որ միջազգային լարուած իրադրութենէն օգտուելով՝ ազրպէյճանի իշխանութիւնները, որդեգրած պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս, ոչ միայն կը ձգտին բռնագրաւել Արցախը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ Բերձորի միջանցքի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի ամբողջական շրջափակման եւ արցախահայութեան նկատմամբ դրսեւորուող անմարդկային բռնաճնշումներուն ու ցեղասպան գործողութիւններուն, ինչի հետեւանքով խաթարուած են երկրի կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտները։

Ներկայացուեցան նաեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած քայլերն ու գործողութիւնները՝ ուղղուած ցեղական հայկական հետքերու ոչնչացման իւրացման։

Զեկոյցներուն շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք ԳՀԽ հանդէս եկաւ առանձին յայտարարութեամբ։

Միւռոնօրհնութեան, եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան արարողութիւններու կազմակերպման ընթացքին, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան, ներքին յարդարման եւ շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Արձանագրուեցաւ, որ 2023թ. Հոկտեմբեր 1-ին Միւռոնօրհնէքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քոյր Եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն ու աշխարհասփիւռ թեմերէն բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերեւ հաւատացեալ ուխտաւորներ։ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ծիրէն ներս՝ Սեպտեմբեր 30-ին Սուրբ Գայեանէ վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Խաղաղութեան աղօթք» միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, իսկ Հոկտեմբեր 8-ին՝ եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւն։

Միւռոնօրհնութեան տօնական արարողութեան կազմակերպման աշխատանքներուն հետ առնչուած խօսուեցաւ Տաճարի շրջակայքի բարեկարգման ընթացքին մասին։ Արձանագրուեցաւ, որ մինչ Միւռոնօրհնէք Մար Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շինարարներու ներդրած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք պատշաճ բարեզարդութեամբ պիտի ներկայանայ ուխտաւոր հայորդիներուն։

Ժողովին ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան նաեւ Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ «Կովերու պարտէզ» կալուածքի վարձակալութեան գործարքի խնդիրներուն շուրջ։ ԳՀԽ-ը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ հարցի բարի կարգաւորման եւ այդ առնչութեամբ պիտի գործադրուին հնարաւոր բոլոր ջանքերը։

Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ եկեղեցա-վարչական, կարգապահական եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուող այլ հարցեր:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2023, 08:00